Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի «Գայեանէ» Պարի Դպրոցի Պալէի Անդրանիկ Ելոյթը

June 19, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` կիրակի, 18 յունիս 2017-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» սրահին մէջ «Գայեանէ» պարի դպրոցը ներկայացուց պալէ` կազմակերպութեամբ Համազգայինի  գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան: Պալէի պարուսոյցն ու գեղարուեստական ղեկավարն է Ժաքլին Մակինեան:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ պարուսոյց Ժաքլին Մակինեան: Ան բարի գալուստ մաղթեց հանդիսատեսներուն, ապա ըսաւ, որ պալէի աշակերտները իրենց դպրոցի առօրեան պիտի ներկայացնեն բեմին վրայ:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բեմ յարդարողներուն, ծնողներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք նեցուկ կանգնած են ելոյթի կազմակերպման ու իրականացման:

Շուրջ մէկ ժամ պալէի աշակերտները իրենց լաւագոյնը ներկայացնելով յաջողեցան գեղեցիկ ու ջերմ պահեր ստեղծել: Ոգեւորիչ էին փոքր դասարանի` երեք տարեկան փոքրիկներու ներկայացումները, որոնք մեծապէս խանդավառեցին մթնոլորտը, իսկ յոյժ գնահատելի էին բարձր կարգի աշակերտներուն ելոյթները:

Ձեռնարկի աւարտին պարուսոյց Ժաքլին Մակինեան պատուոյ գիրեր եւ գիրքեր յանձնեց պալէի բարձր դասարանի աշակերտներէն ամէնէն աշխատասէրին, ամէնէն բարիին, ամէնէն համեստին, ամէնէն կատակասէրին եւ ամէնէն պատասխանատուին:

Ծաղկեփունջերն ու ծափահարութիւնները լաւագոյն ապացոյցն էին ստեղծուած հաճելի եւ հարազատ մթնոլորտին:

Նախորդը

Վիգէն Դարբինեանի Համերգը` Նոր Ու Հին Երգերու Միաձուլումով Փոխանցուած Վայելք

Յաջորդը

«Սուրիոյ Մէջ Մարտական Գործողութիւնները Դադրեցնելու Առիթ Յայտնուած Է» Կ՛ըսէ Փութին

RelatedPosts

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.