Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ ճիշդ չի նկատեր արուեստագէտներու` պետական պաշտօններ ստանձնելու նախադէպը: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթը:
Էրտողան յայտնած է, որ Թուրքիոյ մշակութային զարգացման մէջ կը սկսի նոր փուլ, եւ իրենք արդէն աւարտած են բարեփոխումներու իրենց լայնածաւալ ծրագիրը:
Ծանօթ է, որ այդ «բարեփոխումներ»-ը նախ եւ առաջ պիտի ազդեն Թուրքիոյ մեծագոյն քաղաքին` Պոլսոյ եւ ատոր կեդրոնը գտնուող Թաքսիմ հրապարակին վրայ, ուր Էրտողանի վարչակազմը կը նախատեսէ քանդել Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադիր եւ առաջին նախագահ Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի օրերուն կառուցուած պատմական յուշարձաններն ու կառուցել մեծ մզկիթ:
«Մենք պիտի վերցնենք այդ տգեղ կառոյցները եւ անոնց փոխարէն պիտի ունենանք մեր մշակոյթին յարիր գեղեցիկ կառոյց մը», ըսած է Էրտողան` աւելցնելով, որ այսուհետեւ արուեստագէտները պետական պաշտօնեայ պիտի չըլլան, որովհետեւ պետութիւնն ու պետական պաշտօնեաները չեն կրնար մշակութային հարցերուն մէջ ըլլալ ղեկավար:
«Պետութիւնը արուեստի ասպարէզին մէջ պէտք է ըլլայ ոչ թէ ղեկավարող, այլ աջակցող: Իբրեւ սկզբունք, ճիշդ չեմ գտներ արուեստագէտներու` պետական բարձր պաշտօններ վարելը», ըսած է Էրտողան:



