Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Հարիրի Ցաւակցեցաւ Իտոյի Ընտանիքին Եւ Ընդունեց Արաբ Դեսպաններ

June 13, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ այցելեց նահատակ երեսփոխան Ուալիտ Իտոյի բնակարանը եւ ցաւակցութիւն յայտնեց անոր ընտանիքին` Իտոյի սպանութեան 10-ամեակին առիթով:

Միւս կողմէ, վարչապետ Հարիրի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դեսպան Համատ Սայիտ Շամիսին, Եգիպտոսի դեսպան Նազիհ Նաժարին եւ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատան գործավար Սուլթան Սըպաային, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Քաթարի շրջափակումին վերաբերող հարցեր:

Հանդիպումէն ետք Սըպաայի յայտնեց, որ վարչապետին այցելութեան իրենց նպատակն է Քաթարի վերաբերող որոշումին մանրամասնութիւնները ներկայացնել` նկատի ունենալով Լիբանանի հետ մտերմութիւնը, ինչպէս նաեւ շրջանին ապահովական կայունութեան համար իրենց տարած միացեալ աշխատանքը:

«Մեզի համար կարեւոր է, որ լիբանանեան իշխանութիւնները տեղեակ ըլլան մեր կեցուածքներէն եւ նկատի ունենան զանոնք, որովհետեւ այդ կեցուածքները կը նպաստեն լիբանանեան շահերուն», ըսաւ ան:

Հանդիպումին ընթացքին դեսպանները Հարիրիին յայտնեցին, թէ Քաթար կը խախտէ շրջանին ապահովական կայունութիւնը` աւելցնելով, որ իրենք լաւ կը հասկնան, թէ Լիբանանի համար այս փուլին ընտրական օրէնքի մշակումը առաջնահերթութիւն է: Այս առումով դեսպանները մաղթեցին, որ լիբանանցիները մօտիկ ապագային համախոհութիւն գոյացնեն ընտրական օրէնքի մը շուրջ:

Նշենք, որ վարչապետ Հարիրիի այցելեցին նաեւ Տուրքերու լիբանանեան միութեան մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Հիշամ Մուքամմալի: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Հարիրիի տնտեսական հարցերու խորհրդատու Մազեն Հաննա:

Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ Զահլէի փառատօնը կազմակերպող մարմինի նախագահ Միրիամ Սքաֆ, որ վարչապետէն խնդրեց հովանաւորել 15 յուլիսին սկսող փառատօնը:

Նախորդը

Պաշտպանութեան Նախարարութեան Մէջ Գումարուեցաւ Ապահովական Բնոյթի Հանդիպում Մը

Յաջորդը

Այն Թինէի Մէջ. Միքաթի. «Թրիփոլիի Մարոնի Համայնքին Պատկանող Աթոռին Փոխադրութիւնը Մերժելու Իմաստով Պըրրիի Հետ Համաձայն Ենք »

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.