Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Տակաւին Ծոցի Տագնապին Հարցով Կապի Մէջ Ենք Քուէյթի Իշխանին Հետ» Կ՛ըսէ Շէյխ Համատ

June 13, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քաթարի արտաքին գործոց նախարար շէյխ Համատ պըն Ապտել Ռահման Ալ Թանի պատկերասփռուած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ «տակաւին Ծոցի տագնապին շուրջ միջնորդութեան հարցով կապի մէջ ենք Քուէյթի Սուպահ Ահմետ Ժապեր Սուպահ իշխանին հետ»` նշելով. «Կը կեդրոնանանք ապօրինի շրջափակման պատճառով յառաջացած մարդասիրական խնդիրներուն վրայ»:

«Ուաշինկթըն եւս միջնորդութեան հարցով կապի մէջ է Քուէյթի հետ», նշեց ան:

«Պատրաստ ենք քննարկելու պահանջները, եթէ գոյութիւն ունին, սակայն տակաւին որեւէ պատասխան չստացանք: Լուծումը դիւանագիտական երկխօսութիւնն է, սակայն կարիքը ունի հիմերու, որոնք տակաւին չեն ապահովուած»:

Միւս կողմէ, Քաթարի ելեւմուտքի նախարար Ալի Շարիֆ Ահմետի Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի անդամ երկիրները զգուշացուց, թէ իր երկրին դէմ հաստատուած պատժամիջոցները նաեւ պիտի ազդեն անոնց վրայ:

«Եթէ մէկ տոլար կորսնցնենք, իրենք եւս մէկ տոլար պիտի կորսնցնեն», ըսաւ ան` յայտարարելով. «Կրնանք մեր տնտեսութիւնն ու դրամանիշը պաշտպանել պատժամիջոցներէն»:

Տնտեսական հարցերու յատկացուած ամերիկեան «Սի.Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր հարցազրոյցին ընթացքին Քաթարի ելեւմուտքի նախարարը նշեց. «Պէտք չկայ մտահոգուելու, որովհետեւ Տոհան իր տնտեսութիւնն ու դրամանիշը պաշտպանելու բոլոր միջոցները ունի»:

Ան նշեց, որ իր երկրին պահեստի եւ ներդրումներու սնտուկները երկրին ներքին համախառն արտադրութեան աւելի քան 250 առ հարիւրն են եւ կոչ ուղղեց «քաթարական ռիալին շուրջ կատարուած նախատեսութիւններէն չմտահոգուելու»:

Քաթարի ելեւմուտքի նախարարը յայտնեց, որ կառավարութեան կողմէ շուկայի միջամտութիւն կատարելու եւ պարտամուրհակներ գնելու կարիքը չկայ: «Տակաւին աշխարհի վրայ 20 կամ 25 լաւագոյն երկիրներէն մէկն ենք», ըսաւ ան` շեշտելով.«Մենք մեր շուրջ եղողներէն շատ աւելի լաւ ենք»:

 

Նախորդը

«Պատրաստ Ենք Ծոցի Ճգնաժամին Մէջ Միջնորդի Դեր Ստանձնելու» Կ՛ըսէ Իրաքի Նախագահը

Յաջորդը

«Թուրքիա Հզօր Ճնշումի Կ՛ենթարկուի Քաթարին Աջակցելուն Պատճառով» Կ՛ըսէ Ունալ

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.