Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Աւետարանական Քոլեճի Աշակերտական Տարեկան Ցուցահանդէսը

June 13, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 13 մայիս 2017-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին տեղի ունեցաւ Հայ աւետարանական քոլեճի 21-րդ յաջորդական ցուցահանդէսը: Վարժարանի տնօրէն դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան հակիրճ ձեւով ըսաւ, թէ այս ցուցահանդէսը ինքն իր մէջ կը պարունակէ շատ մը հետաքրքրական աշխատանքներ, ինչպիսիք են` գեղանկարները, ձեռային աշխատանքները, առաւել` գիտական աշխատանքները, անշուշտ պէտք չէ մոռնալ սուրբգրային դասընթացքին հետ առնչուած ձեռային աշխատանքները, նաեւ` մանկապարտէզի կողմէ բծախնդրօրէն պատրաստուած աշխատանքները:

Դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանի խօսքէն ետք տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` վարժարանիս գեղարուեստի ուսուցիչ Վազգէն Մուղալեանի կողմէ, այս տարի հինգ աշակերտներ ստացան նուէրներ «Ֆապրիանօ»-ի կողմէ տրամադրուած: Մեր աշակերտները զանազան խմբաւորումներու մէջ արձանագրած էին պատուաբեր արդիւնքներ: Մրցանակաբաշխութենէն ետք տեղի ունեցաւ ցուցահանդէսին բացումը, որուն ներկայ էին վարժարանիս հոգաբարձութեան ատենապետ Ներսէս Պաղտոյեանը, վեր. Հրայր Չոլաքեանը, վարժարանիս տնօրէն դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանը եւ փոխտնօրէն դոկտ. Արմէն Իւրնեշլեանը:

Այս տարի ցուցասրահը շատ կոկիկ եւ բծախնդրութեամբ պատրաստուած էր` գլխաւորութեամբ գեղանկարչութեան ուսուցիչ Վազգէն Մուղալեանի: Այնտեղ մենք դիտեցինք վարժարանի աշակերտներուն կողմէ պատրաստուած գիտական աշխատանքները, առաւել` անոնց գծած նկարները եւ ձեռային աշխատանքները: Շատ հետաքրքրական էր սուրբգրային բաժինին տրամադրուած անկիւնը, ուր իւրաքանչիւր աշակերտ իր աշխատանքը շատ կոկիկ ձեւով ցուցադրած էր: Հետաքրքրական էին նաեւ մանկապարտէզի կողմէ պատրաստուած աշխատանքները. այս տարի բաւական նորութիւններ կային, մանաւանդ` ձեռային աշխատանքներու մէջ, իսկ վեցերորդ դասարանի աշակերտները իրենց գեղանկարչութեան ուսուցիչին հսկողութեան տակ պատրաստած էին գեղանկարները` աքրիլիքով աշխատցուած: Իսկապէս շատ գեղեցիկ աշխատանքներ կային այնտեղ:

Ամէն տարի մեծ թիւով ծնողներ ներկայ կ՛ըլլան այս տարեկան կերպարուեստի ցուցահանդէսին, այս տարի եւս թիւը քաջալերելի էր, գրեթէ բոլոր ծնողները եկած էին իրենց զաւակներով` դիտելու համար անոնց աշխատանքները:

Նախորդը

ՀՅ Դաշնակցութեան Արխիւների Հարազատ Հայելին. «Նիւթեր ՀՅ Դաշնակցութեան Պատմութեան Համար» Արխիւային Փաստաթղթերի Բազմահատոր Ժողովածուի Շնորհահանդէսը*

Յաջորդը

Մեսրոպեանի Բողբոջներն Ու Կոկոնները Տօնական Հանդէսներով Փակեցին Տարեշրջանը

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.