Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արմենակ Եւ Անյագ Սնապարծ Ծնողներ

June 13, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԿԱՐ ի Գաղղիա

Արմենակ «կեդրոնականցի» է եւ կ’ըսէ` «ծնողաց»: Գրաբարի քաղցրութիւնը չմոռնալու համար:

Գարնան այս առաջին արեւոտ օրերուն աշխարհի հայկական մեծագոյն ոստան «հրեշտակներու քաղաք»-էն Կեդրոնականցին նոր վերադարձած էր եւ Էլպիսին հետ այցի եկաւ: Իր պատմածներուն հետեւելով` մենք ալ ճամբորդած ըլլալու, աշխարհ եւ մարդիկ տեսած ըլլալու բաւարարութիւն կ’ունենանք: Պատմեց:

– Հրեշտակներու քաղաք հասած հայ երիտասարդ մայր մը, իր աւազանով բնակարանին որպէս զարդ ներկայացուց իր զաւակները եւ անոնց առանձին սենեակները ցոյց տուաւ: Անոնցմէ մէկուն համար, տասը տարու, ըսաւ, որ «ճինեըս» է: Երբ հարցուցի, թէ ինչպէ՞ս այդ գիտէ, ըսաւ, որ «քոմփիւթըր»-ին առջեւէն չի հեռանար, դպրոց չ’ուզեր երթալ, անգլերէն կը խօսի եւ հայերէնը մոռցաւ:

– Իսկ «ճինեըս»-ին մայրը անգլերէն գիտէ՞ր,- հարցուցի:

– Ի՞նչ պատասխանեմ: Տեսայ, որ տնական հայերէնին մէջ կը յայտնուէին անգլերէն բառեր, եթէ այդպէս շարունակէ, ինք ալ «ճինեըս» կ’ըլլայ: Նոր չէ, որ մարդիկ հանճարը եւ բանջարը չեն զատեր իրարմէ, այդ ձեւով կը գտնեն «ճինեըս» ըլլալու կարճ ճամբան:

– Արմենա՛կ, պիտի հասկնա՞ս, որ աւազանով բնակարան ունեցողը դասակարգ կը փոխէ եւ «ճինեըս» զաւակներ ունենալու իրաւունք ձեռք կը բերէ:

– Ուրիշ մը, ի վերուստ, կամ ի վարուստ, ինքնաշնորհուած ջոջական փառքով, բարքով եւ սարքով, իր զաւակը կը տեսնէ ազգի փրկիչի դերին մէջ, քանի որ ինք զայն դիտելով` կը հրճուի: Իր շուրջ դարձող թիթեռնիկներէն մին իմ ներկայութեանս յայտարարեց, որ ջոջին ժառանգին անունը, որպէս ազգի շողացող աստղ, պիտի յիշուի պատմութեան եւ գիրքերու մէջ: Յետոյ իմացայ, որ թաղին ջոջ «շեֆ»-ը անոր պաշտօններ տուած է, ոչ միայն սիրայօժար աշխատանքի համար:

– Լա՛ւ է, Արմենա՛կ, ազգը վերականգնումի կարիք ունի, մանաւանդ` սփիւռք կոչուած խառնարանին մէջ: Եւ «ճինեըս»-ներ եւ պատմութիւն դրոշմող նորեր պէտք են:

– Միամիտ մի՛ ըլլար: Ասկէ առաջ ալ «ճինեըս»-ներ եղած են, ոմանք «պատմութիւն դրոշմել»-ու առաքելութեան կոչուած են` ծնած ըլլալով աւազանով բնակարանի մէջ կամ ծնողաց սնապարծութեան աղբիւսին վրայ: Բայց անոնց անունները չկան նոյնիսկ էջատակի ծանօթութիւններու մէջ:

Էլպիս լուռ հետեւած էր իրեն ծանօթ այս պատմութիւններուն: Տրտնջալով` եզրակացուց.

– Անոնք ե՛ն, ինչ որ են: Բայց դուն ձեռքիդ մտրակը ճօճող Քրիստոս չես: Քիչ մը ուրիշ բան խօսէ: Չեկար, որ մարդիկը անհանգստացնես: Ըսածներդ հոն ալ կան, հոս ալ կան:

Մակարուհին սուրճ բերաւ եւ հայաստանեան քոնեաք:

Աւազան չունինք, բայց  քոնեաք ունինք:

Թէեւ քոնեաքի բաժակները երբ բազմապատկուին, «ճինեըս»-ներ կրնան յայտնուիլ:

 

, Նուազի-լը-Կրան

Նախորդը

Ամէնուն Գիտցած «Գաղտնիք»-ը

Յաջորդը

«Հասարակական-Քաղաքական, Ազգային Աշխատանքներ Կատարելու Համար Պէտք Է Որոշակի Զոհողութիւնների Գնալ». Յովհաննէս Թասլաքեան

RelatedPosts

Ընտրութիւնները` Մեր Ետին
Անդրադարձ

Վարդագոյն Ժապաւէնը` Կնոջ, Աղջիկներու Եւ Մօր Իրաւունքը

October 29, 2026
Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.