Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հալէպի Հայկական Թաղերու Պաշտպանութեան Ղեկավար Րաֆֆի Պչաքճեանի Նահատակութեան Ա. Տարելիցին Նուիրուած Հոգեհանգիստ

June 12, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Գանձասար» կը հաղորդէ, որ կիրակի, 11 յունիսի առաւօտեան, Հալէպի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. եւ անմահ պատարագի, Հալէպի հայկական թաղերու պաշտպանութեան ղեկավար Րաֆֆի Պչաքճեանի նահատակութեան առաջին տարելիցը եկեղեցւոյ կամարներուն ներքեւ համախմբած էր հանգուցեալին հարազատները, գաղափարակից ընկերները եւ բազմաթիւ հալէպահայեր:

Յետ հոգեհանգստեան արարողութեան, Նոր Գիւղի «Տիգրանեան» սրահին մէջ հաւաքուած ժողովուրդին դիմաց նախ խօսք առաւ  Խորէն քհնյ. Պերթիզլեան, որ վեր առնելով նահատակութեան գաղափարը ըսաւ, որ Րաֆֆի Պչաքճեան նուիրուելով հալէպահայութեան ու Նոր Գիւղի ինքնապաշտպանութեան, քաջ գիտէր, թէ իր ընտրած ուղին դժուար է, բայց վստահ էր, որ Հալէպ տագնապի մէջ յայտնուած ըլլալով հանդերձ յուսահատ չէր: Տուներ կը հրկիզուէին, շէնքեր փուլ կու գային, բայց Րաֆֆի Պչաքճեան յոյս կը ներշնչէր ու իր իւրաքանչիւր քայլափոխին հաւատարիմ էր իր գաղափարական ուղիին: Անոր համար ծառայել չէր նշանակեր միայն ժամ մը, օր մը, այլ կեանք մը ամբողջ նուիրել իր ժողովուրդին: Րաֆֆի Պչաքճեան ապրեցաւ Հալէպի մէջ, Հալէպն ալ ապրեցաւ իր մէջ: Հայութիւնը զինք ճանչցաւ իբրեւ խիզախ ու քաջ հայորդի մը եւ այսօր այս ներկայութեամբ կը հաստատէ իր հաւատքը րաֆֆիներու գաղափարին, անոնց ընտրած ուղիին:

Այնուհետեւ պատկան մարմինի ներկայացուցիչ Կարօ Իւզպաշեան խօսեցաւ Րաֆֆի Պչաքճեան մարդուն եւ դաշնակցական գործիչին մասին: Ան ըսաւ. «Րաֆֆին երբ գործ մը ստանձնէր, լաւագոյն ձեւով կ՛աւարտէր եւ միութենական աշխատանքի մէջ որեւէ սխալ չէր թոյլատրեր, մեծ թէ փոքր, գործը գործ էր իրեն համար: Րաֆֆին առատաձեռն էր նաեւ, ինչ որ ընէր, լաւ ձեւով կ՛ուզէր ընել, լաւագոյն կարելիութիւնները օգտագործել: Իր նկարագիրով նուիրուող էր, ուրիշին բեռ դառնալ չէր ուզեր երբեք: Պատերազմի օրերուն ամէն օր Հալէպի հայկական թաղամասերը կը շրջէր, կը հետեւէր ժողովուրդին: Իրեն համար գաղափարի նուիրումը գործն էր ու ամէն ճիգ կը թափէր, որ այդ գործը ոչ թէ ձեւականօրէն, այլ կատարեալ ձեւով կատարուի: Խօսիլ չէր սիրեր: Գործի մարդ էր, համեստ, ցուցական արարքներէ հեռու: Ան Հալէպէն հեռանալուն դէմ էր: իբրեւ ուխտեալ ընկեր, հաւատարիմ իր ուխտին, մահը իր աչքին առջեւ առած ծառայեց այս գաղութին, վարակեց իր աշխատակիցները եւ կտակեց շարունակել իր սուրբ գործը` ծառայել ու պաշտպանել այս գաղութը, յոյս եւ կորով ներշնչել անոր: Րաֆֆի Պչաքճեանը անմահացաւ, որովհետեւ այսօր իր ուղին կը շարունակեն նորահաս մեր երիտասարդները»:

 

 

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի 90-ամեակի Նշում Եւ Քննարկում Մասնակցութեամբ Արցախի Տեղեկատուական Հարցերու Պատասխանատուներուն Հետ

Յաջորդը

Ազգային Միացեալ Վարժարանին Մէջ. Լիբանանահայ Գաղութի Եւ Կրթական Կառոյցներու Ներկայացուցիչները Միասնաբար Քննեցին Ազգային Ինքնութեան Պահպանման Գործընթացին Մէջ Հայ Դպրոցին Մարտահրաւէրները Եւ Հաստատեցին Համագործակցութեան Անհրաժեշտութիւնը

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.