15 յունիսին Ճափոնի մայրաքաղաք Թոքիոյի մէջ կը սկսի աշխարհի երիտասարդական ծանրաբարձութեան ախոյեանութիւնը, որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Հայաստան:
Այս ախոյեանութեան Հայաստանը կը ներկայացնեն Սոնա Պօղոսեան (75 քկ), Արփինէ Դալալեան (75 քկ եւ վեր), Սիմոն Մարտիրոսեան (105 քկ եւ վեր), Սամուէլ Գասպարեան (105 քկ), Յակոբ Մկրտչեան եւ Դաւիթ Յովհաննիսեան (երկուքն ալ` 85 քկ):
Այս տեղեկութիւնը հաղորդեցին Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէին մամլոյ քարտուղարութիւնը եւ Հայաստանի ծանրաբարձութեան ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար ու Հայաստանի տղոց ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Փաշիկ Ալավերդեան:
Հայաստանի տղոց եւ աղջկանց ծանրաբարձութեան հաւաքականները, Ուքրանիոյ մէջ իրենց կատարած 18 օրուան հաւաքէն ետք, այժմ վերադարձած են հայրենիք եւ նոյն կազմերով իրենց փորձերը կը շարունակեն ու պատրաստութիւնները կը տեսնեն Աբովեան քաղաքին մէջ` պատրաստուելու համար այս ախոյեանութեան:



