Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Դեմոկրատական Քոնկրեսականները Կը Պատրաստուին Դատի Տալ Թրամփը» Կը Գրէ «Փոլիթիքօ»

June 9, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան ու Ծերակոյտի քանի մը տասնեակ դեմոկրատական անդամներ կը պատրաստուին յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին դատական դիմում ներկայացնել նախագահ Տանըլտ Թրամփի դէմ` պնդելով, որ ան կը խախտէ օրէնքը` չցանկալով հրաժարիլ անշարժ գոյքի ահռելի կայսրութեան սեփականատիրութենէն ու շարունակելով եկամուտ ստանալ այլ երկիրներու կառավարութիւններուն հետ վարուող գործերէն:

«Փոլիթիքօ» կը նշէ, որ քոնկրեսականներուն համաձայն, Թրամփ, մերժելով վաճառել իր ընկերութիւնները, դէմ կը գործէ սահմանադրութեան, որ  Միացեալ Նահանգներու նախագահին կ՛արգիլէ նուէրներ կամ գումարներ առնել այլ պետութիւններու կառավարութիւններէն:

Ներկայացուցիչներու տան բարձրաստիճան անդամ Ճերի Նատլըր նշած է, որ իրենք դատական դիմում պիտի ներկայացնեն Թրամփի կողմէ գործուած օրէնքի խախտումներուն վերջ տալու համար:

Աղբիւրը կը մանրամասնէ, որ դիմումը պիտի չներկայացուի մինչեւ յաջորդ շաբաթ, հակառակ անոր որ քանի մը տասնեակ քոնկրեսականներ արդէն իրենց աջակցութիւնը յայտնած են այս նախաձեռնութեան: Կը նշուի, որ նախաձեռնութեան զօրակցած է Ներկայացուցիչներու տան 78 եւ Ծերակոյտի 25 անդամ:

«Փոլիթիքօ» կը նկատէ, որ ներկայացուելիք դիմումը միայն պիտի սրէ Սպիտակ տան եւ դեմոկրատական օրէնսդիրներուն միջեւ ընթացող պայքարը, որ կը վերաբերի Թրամփի հետ շահերու բախումին, մասնաւորաբար` անոր ստեղծած կայսրութեան օտարերկրեայ գործերուն եւ անոնց միջոցով այլ պետութիւններու կառավարութիւններու համագործակցութիւնը Թրամփի աշխատակազմին հետ:

Յայտնի է, որ նախագահ դառնալէ ետք Թրամփ մերժած է վաճառել իր ընկերութիւնները եւ փոխարէնը իր գործերու կառավարումը յանձնած է իր որդիներուն:

Երդմնակալութեան արարողութենէն ետք, Թրամփի փաստաբանը յայտարարած էր, որ նախագահի ընկերութիւններուն միջոցով այլ կառավարութիւններէն եկող գումարները պիտի ուղղուին պիւտճէ, որպէսզի կարելի ըլլայ խուսափիլ շահերու բախումէն:

«Նախագահը գործի ահռելի շահեր ունի, որոնցմէ չի պատրաստուիր ինքզինք կտրել: Օրինակ, եթէ դուք երթաք «Թրամփ» պանդոկ, ապա յայտնի կ՛ըլլայ, որ ձեր ծախսած գումարը ուղղակիօրէն կը դնէք նախագահին գրպանը: Ի հարկէ, ատոր մէջ ոչ մէկ ապօրինի բան կայ` միայն այն բացառութեամբ, եթէ դուք մէկ այլ երկրի կառավարութիւն չէք», նշած է այլ քոնկրեսական մը:

 

Նախորդը

Թուրքիան Եւ Ազրպէյճանը Ռազմափորձեր Պիտի Կատարեն Նախիջեւանի Մէջ

Յաջորդը

Բրիտանիոյ Մէջ Արտակարգ Խորհրդարանական Ընտրութիւններու Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի Այսօր

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.