Հալեփ Հասաւ
Կիսաւարտականին

«Ռոլան Կարոս»-ի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի ծիրին մէջ, երէկ տղոց մրցումներուն, 6-րդ դասուած աւստրիացի Տոմինիք Թիեմ մեծ անակնկալ մը ստեղծեց, երբ մրցաշարքէն դուրս ձգեց 2-րդ դասուած եւ տիտղոսակիր սերպ Նովաք Ճոքովիչը` արձանագրելով 7-6, 6-3 եւ 6-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Ճոքովիչ, որ կը փորձէր յաջորդաբար 7-րդ անգամ ըլլալով հասնիլ կիսաւարտականին, ձախողեցաւ իր առաքելութեան մէջ:
Յիշատակելի եղաւ այն, որ ան 2010-ին Փարիզի մէջ դարձեալ չէր կրցած հասնիլ կիսաւարտականին, երբ պարտուած էր այլ աւստրիացիէ մը` Եիւրկըն Մելզըրէն:
Թիեմ, որ անցեալ տարի հասած էր կիսաւարտականին եւ պարտուած նոյնինքն Ճոքովիչէն, յաջորդիւ իրեն մրցակից պիտի ունենայ 9 անգամ ախոյեան հանդիսացած Ռաֆայէլ Նատալը:
Սպանացի 4-րդ դասուած Նատալ, որ ճակատեցաւ 20-րդ դասուած իր ազգակիցին` Փապլօ Քարենոյի դէմ, արձանագրեց 6-2 եւ 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: Քարենօ մրցումը կիսատ ձգեց:
Ֆրանսայի նախկին ախոյեան` 3-րդ դասուած Սթանիսլաւ Վաւրինքա իր կարգին ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը, երբ 6-3, 6-3 եւ 6-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց խրուաթ Մարին Սիլիչի դէմ (7-րդ):
Կիսաւարտականին Սիլիչ պիտի մրցի թիւ 1 դասուած անգլիացի Էնտի Միւրէյի դէմ, որ մրցաշարքէն դուրս ձգեց Քէյ Նիշիքորին (Ճափոն, 8-րդ)` արձանագրելով 2-6, 6-1, 7-6 եւ 6-3 արդիւնքով յաղթանակ մը:

Ինչ կը վերաբերի աղջկանց քառորդ աւարտականի մրցումներուն, 3-րդ դասուած Սիմոնա Հալեփ (Ռումանիա) 3-6, 7-6 եւ 6-0 արդիւնքով յաղթեց 5-րդ դասուած ուքրանացի Էլինա Սվիթոլինայի:
Կիսաւարտականին ան պիտի մրցի 2-րդ դասուած չեխ Քարոլինա Փլիսքովայի դէմ, որ 7-6 եւ 6-4 արդիւնքով յաղթեց Քարոլին Կարսիայի:


