Միացեալ Նահանգներ սկսած են սպառազինութիւններու եւ հանդերձանքի մատակարարումները քիւրտ զինեալներուն, որոնք կը մասնակցին Սուրիոյ Ռաքքա քաղաքը ՏԱՀԵՇ-էն ազատագրելու գործողութեան: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին տեղեկացուցած են Փենթակոնէն:
Փենթակոնի բանբեր Էրիք Փահոն յայտնած է. «Ես կը վստահեցնեմ, որ Միացեալ Նահանգներու գլխաւորած (Միջազգային) դաշինքը սկսած է զէնքի եւ հանդերձանքի մատակարարումները «Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժեր» քրտական խմբաւորումին»:
Ան նշած է, որ խօսքը կը վերաբերի գնդացիրներու, զինամթերքի եւ ծանր գնդացիրներու, ինչպէս նաեւ զէնքի այլ տեսակներու, որոնք անհրաժեշտ պիտի ըլլան Միացեալ Նահանգներու գործընկերներուն:
Փահոնի խօսքով` «ամերիկացի զինուորական խորհրդականները կարելի եղածին չափ պիտի իրականացնեն քրտական կազմաւորումներուն մատակարարուած զէնքի օգտագործման հսկողութիւնը, որպէսզի ատիկա օգտագործուի բացառապէս ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարելու համար»:
Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը Միացեալ Նահանգներու օդուժին օժանդակութեամբ 6 նոյեմբեր 2016-ին սկսան Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի մայրաքաղաքը նկատուող Ռաքքայի ազատագրման գործողութիւնը:



