Սէուտական լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ երէկ սպաննուած են երկու անձեր, որոնցմէ մէկը` ամերիկացի, իսկ երեք ուրիշներ` վիրաւորուած, երբ զինեալ մը հիւսիսային Ռիատի կրթական համալիրներէն մէկուն մէջ կրակ բացած է:
Սէուտական «Թաուասոլ» օրաթերթին կայքը հաղորդեց, որ ոճիրին հեղինակը գործէ արձակուած ուսուցիչ մըն է: Զոհերէն մէկը ամերիկեան հպատակութիւն ունեցող պաղեստինցի մըն է, իսկ վիրաւորներէն մէկը` պանկլատեշցի մը:
Աղբիւրներ հաղորդած են, որ ոճրագործը գործէ արձակուած իրաքցի ուսուցիչ մըն է, իսկ ոճիրին դրդապատճառը` նիւթական հարցերու շուրջ անհամաձայնութիւնը:



