
Սերպիոյ մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի 17 տարեկանէն վար կրտսերներու ախոյեանութեան Թ. խմբակի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ Հայաստանի հաւաքականը դաշտին տէրերէն կրեց իր առաջին պարտութիւնը` 2-1 արդիւնքով:
Հակառակ անոր որ Հայաստան ինք բացաւ մրցումին հաշիւը` շնորհիւ Նայիրի Մինասեանի նշանակած արագ կոլին (6-րդ), սակայն Սերպիա երկու անգամ պատասխանեց` շնորհիւ Նիքոլա Իվքովիչի նշանակած կոլերուն (33-րդ եւ 60-րդ):
Յաջորդ հանգրուան հասնելու համար Հայաստան զտումի իր վերջին մրցումին պէտք է անպայման յաղթէ Լիթուանիոյ (22 հոկտեմբերին):


