Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ռիատի Պէյրութ Հանդիսացաւ Լիբանանի Ախոյեան

May 25, 2017
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter
PROFOTO

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2016-2017 տարեշրջանը աւարտեցաւ երէկ գիշեր, երբ Մանարայի դաշտին վրայ վերջ գտաւ Ռիատի – ՀՄԸՄ մրցումը:

Երկու կազմերուն միջեւ աւարտականի այս մրցումը եղաւ վեցերորդը` ընդամէնը եօթը մրցումներէ:

ՀՄԸՄ բաւական լաւ ձեւով սկսաւ աւարտականի մրցումները` արձանագրելով յաջորդական երկու յաղթանակ:

Սակայն Ռիատի արձանագրելով յաջորդական չորս յաղթանակ, հանդիսացաւ Լիբանանի ախոյեան:

Ռիատի իր չորրորդ յաղթանակը արձանագրեց երէկ` 70-57 արդիւնքով (11-11, 40-27, 54-44 եւ 70-57):

Բաղդատմամբ հինգերորդ մրցումին, երէկ ՀՄԸՄ աւելի լաւ մրցում մը կատարեց եւ ցուցադրեց աւելի ներդաշնակ խաղարկութիւն մը, բայց չկրցաւ յաղթանակ արձանագրել:

Իւրաքանչիւր անգամ, որ ՀՄԸՄ կէտերու տարբերութիւնը կը նուազեցնէր, անիկա դարձեալ կը բարձրանար ի նպաստ Ռիատիի:

Թէեւ երէկուան այս մրցումէն Ֆատի Խաթիպ բացակայեցաւ, սակայն Հայկ Կէօքճեան յաջողեցաւ ինքզինք պարտադրել եւ մրցումին մասնակցելով 36′ 41″, իրագործեց տապըլ-տապըլ մը (20 կէտ, 13 ռիպաունտ, ներառեալ` 2 թրի փոյնթ):

Մրցումին երկրորդ տապըլ տապըլը իրագործեց անոր խմբակից Աթեր Մաճոք (15 կէտ, 10 ռիպաունտ):

ՀՄԸՄ-ի երրորդ թրի փոյնթը նշանակեց Տուայն Ճեքսըն (12 փորձերէ ետք). ան նշանակեց 12 կէտ, 4 ռիպաունտ, 4 էսիսթ, 4 սթիլ:

Քեւին Կալոուէյ նշանակեց 6 կէտ, 9 ռիպաունտ, 6 էսիսթ, 2 սթիլ:

Իսկ երկուքական կէտ նշանակեցին Էլի Շամուն եւ Նետիմ Սուէյտ:

Ռիպաունտներուն մէջ ՀՄԸՄ եղաւ աւելի լաւ, 48` 35-ի փոխարէն:

Սակայն թրի փոյնթերուն մէջ Ռիատի ինք եղաւ բախտաւորը, 25-էն 9-ը, մինչ ՀՄԸՄ` 32-էն 3-ը:

Սակայն ամէնէն կարեւորը եղաւ այն, որ աւարտականի մրցումը գտաւ իր աւարտը եւ չնմանեցաւ նախորդ աւարտականներուն, երբ միշտ ալ կիսատ կը մնային… Ռիատի – Սաժես ճակատումները:

Ասոր համար շնորհաւորանքի խօսքը կ՛երթայ երկու կազմերուն, որոնք փաստեցին, որ կը կիրարկեն լաւ խաղարկութիւն եւ անոնց մարզիկներուն մօտ մարզական ոգին կ՛ըլլայ տիրական ներկայութիւն դաշտին մէջ:

Այժմ տարեշրջանը աւարտած է աւարտականին հասած երկու խումբերուն համար:

Կը շնորհաւորենք ՀՄԸՄ-ի կազմը, որ յաջողեցաւ սքանչելի եղանակ մը ունենալ եւ ընդհանրապէս եղաւ տիրական ներկայութիւն մը: ՀՄԸՄ-ի կողմէ ախոյեանութեան տիտղոսը բարձրացնելը պիտի ըլլար շատ աւելի լաւ, սակայն ատիկա դժբախտաբար տեղի չունեցաւ:

Վարձքը կատար բոլոր պատասխանատուներուն, մարզիչներուն, մարզիկներուն եւ ՀՄԸՄ-ի բոլոր համակիրներուն:

 

Նախորդը

Քուէյթի Մէջ. Պահրէյնի Թագաւորին Ներկայացուցիչը Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Յաջորդը

«Ուապա» – Աղջկանց Պասքեթպոլի Ակումբներու Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Քաշուեցաւ Երէկուան Մրցումէն` Իրաւարարներուն Կողմնակալ Սուլիչին Եւ Ռիատիի Մարզիկներուն Վայրագ Խաղարկութեան Պատճառով

RelatedPosts

«Էմ. Էմ. Էյ.»  Սպարտակ Միքայէլեանի 4-րդ Յաջորդական Յաղթանակը
Մարզական

«Էմ. Էմ. Էյ.» Սպարտակ Միքայէլեանի 4-րդ Յաջորդական Յաղթանակը

October 29, 2026
Թենիս.  Առնօ Աւետիսեան` Պրոնզէ Մետալակիր
Մարզական

Թենիս. Առնօ Աւետիսեան` Պրոնզէ Մետալակիր

October 29, 2026
Ալվարես Վերջապէս Որոշեց… Մնալ  Աթլեթիքօ Մատրիտի Մէջ
Մարզական

Ալվարես Վերջապէս Որոշեց… Մնալ Աթլեթիքօ Մատրիտի Մէջ

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.