Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՏԵՍԱԿԷՏ. ՀՈԼԼԱՆՏ ԻՐ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ՖՐԱՆՍԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՎՍՏԱՀՈՒԹԻՒՆԸ Կ՛ԱՄՐԱՊՆԴԷ

October 20, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Ֆրանսայի մէջ 2012-ին տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութեան Ընկերվարական կուսակցութեան թեկնածու Ֆրանսուա Հոլլանտ երկուշաբթի, 17 հոկտեմբերին իր կուսակցութեան բարձրաստիճան ներկայացուցիչներուն հետ  Սեն գետին մէջ վարդեր նետելով ոգեկոչած է 17 հոկտեմբեր 1961-ին ցոյցի մը ընթացքին ֆրանսական ոստիկանութեան կողմէ սպաննուած եւ Սեն գետը նետուած ալճերիացի ներգաղթեալներու յիշատակը` յայտարարելով, որ «պէտք է ընդունիլ տեղի ունեցածը: Այսօր ես ատիկա կ՛ընեմ իբրեւ ընկերվարական: Իսկ վաղը ատիկա պէտք է ընէ Ֆրանսայի Հանրապետութիւնը»: Այլ խօսքով` ան ընտրական խոստում մը կու տար, որ նախագահ ընտրուելու պարագային պիտի ճանչնայ տեղի ունեցած ողբերգութիւնը:

Հոլլանտի կատարածը Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքի ծերակոյտին կողմէ որդեգրումը խոստանալով ֆրանսահայերու քուէները ապահովելէ ետք արաբական ծագումով 8 միլիոն ֆրանսացիները (որոնց նկատառելի մէկ մասը ալճերիացիներ են) սիրաշահելու փորձ մըն է: Ան իր այս քայլով ոչ միայն ալճերիացիները կը սիրաշահի, այլ նաեւ` հայ քուէարկողներուն մօտ իր նկատմամբ յաւելեալ վստահութիւն կը ներշնչէ:

Հոլլանտի քայլը Սարքոզիի համար յաւելեալ ցաւ կը պատճառէ` նկատի ունենալով, որ Հայաստանի մէջ անոր կատարած յայտարարութենէն ետք, Ալճերիոյ նախագահի անձնական ներկայացուցիչը այդ յայտարարութիւնը մեկնաբանելով` իրեն յիշեցուցած էր ֆրանսական գաղութատիրութեան շրջանին ալճերիացիներուն դէմ գործուած բռնարարքները: Այդ ակնարկն է, որ հաւանաբար Հոլլանտի եւ անոր խորհրդականներուն մտքին մէջ այս քայլին դիմելու գաղափարը յառաջացուցած է:

Ֆրանսահայերու եւ ալճերիացիներու վերաբերող հարցերուն մէջ Հոլլանտ կը գտնուի նախաձեռնողի դիրքին վրայ, իսկ Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի` հակազդողի, ինչ որ հարցախոյզներուն մէջ ոչ բարենպաստ դիրքի վրայ գտնուող Սարքոզիին համար քաջալերական երեւոյթ մը չէ:

 

 

Նախորդը

ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԽԱՉ. «ԿԱՐԳ ՄԸ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԺԽՏԱԿԱՆ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ ՍԵՌԱՅԻՆ ԱՌՈՂՋՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ» ՆԻՒԹՈՎ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Յաջորդը

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԻ ՄԷՋ Ի ՊԱՏԻՒ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏ ՎԻԱՐԱԿՈՍԱՅԻ ՍԱՐՔԱԾ ԸՆԹՐԻՔԸ` ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ԶՐՈՅՑԻ ԱՌԻԹ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.