Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ Պնաշյիի մէջ ընդունեց Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլանը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ընտրական օրէնքին վերաբերող հարցեր:
Ֆրենժիէ եւ Արսլան ընդգծեցին, որ պիտի մերժեն երեսփոխանական ընտրութիւնները 1960-ի ընտրական օրէնքին հիման վրայ կատարել:
Հանդիպումէն ետք Ֆրենժիէ հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ տիրող հիմնական հարցը քաղաքական ուժերուն մօտ տիրող մեծամտութիւնն է` աւելցնելով, որ որոշ զիջումներով կարելի է ընտրական նոր օրէնքի մը շուրջ համախոհութիւն գոյացնել:



