Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պարոյր Սեւակի Ոգին Թեւածեց Այնճարի Վրայ

May 25, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Այնճարի Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի մշակութային յանձնախումբին, հինգշաբթի, 18 մայիս 2017-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Ս. Զէյթլեան» կեդրոնի «Մ. Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսական երեկոյ մը` նուիրուած Պարոյր Սեւակին:

Յովհաննէս Խօշեան Մշակութային յանձնախումբին անունով կատարեց բացման խօսքը. ան նախ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ապա հրաւիրեց զանոնք յոտնկայս յարգելու յիշատակը մասնաճիւղի հիմնադիրներէն, օրեր առաջ մահացած Խաչիկ Պագալեանի: Ապա բեմ հրաւիրեց օրուան բանախօս արուեստագիտութեան դոկտոր Թամար Յովհաննիեանը, որ ներկայացուց Պարոյր Սեւակին կեանքն ու ստեղծագործութիւնները:

Դոկտ. Թամար Յովհաննիսեան անդրադարձաւ կարգ մը կենսագրական կէտերու եւ շեշտեց, որ Պարոյր Սեւակին մէջ կրնանք նկատել երեք կարեւոր էութիւններ` Պարոյր Սեւակ բանաստեղծը, Պարոյր Սեւակ հայորդին եւ Պարոյր Սեւակ մարդը (գլխագիր Մարդը):

Այս երեք էութիւնները իրարու համակերպելով` կը ստեղծեն բացառիկ բանաստեղծը` Պարոյր Սեւակը:

Վեր առնելու համար Պարոյր Սեւակի բանաստեղծութեան յատկանշական գիծերը, տեղի ունեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր մը,  ուր իրենց մասնակցութիւնը բերին պատանի ասմունքողներ, Սեւան Սարգիսեան` «Մենք քիչ ենք բայց մեզ հայ են ասում», Սոֆի Գալուստեան` «Մօր ձեռքերը» եւ Սեւատա Անտոնեան` «Դարակէսի հիմնը»: Ինչպէս նաեւ դոկտ. Թամար Յովհաննիսեան մէջ ընդ մէջ ներկայացուց Պարոյր Սեւակի ստեղծագործութիւններէն:

Երեկոյի ընթացքին հնչեց Պարոյր Սեւակի խօսքերով գրուած «Դու» երգը, ապա յոտնկայս «Երեւան, Էրեբունի» ձօներգով եզրափակուեցաւ հանդիսութիւնը:

Նախորդը

«Կանգառ»-ի Կազմակերպած Ձեռնարկներու Ծիրին Մէջ. Ֆիրուզէ Միրզա (Մելինէ ) Եւ Կիրօ Գարավարդանեան Անդրադարձան Երաժշտական Ստեղծագործութեանց Մէջ Արհեստագիտութեան Ներդրումին

Յաջորդը

Մայրերու Օրուան Նշում Այնճարի Մէջ

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.