Հայաստանի ներկայացուցիչ Տիգրան Կիրակոսեան նախորդ շաբաթավերջին Մինսքի մէջ սկսած Եւրոպայի Սամպոյի ախոյեանութեան հանդիսացաւ ախոյեան:
52 քկ դասակարգին մէջ, վանաձորցի մարզիկը 5-0 արդիւնքով յաղթելով ազրպէյճանցի իր մրցակիցին` Աքասիֆ Սամատովի, հռչակուեցաւ ախոյեան:
Այսպիսով, ան երրորդ անգամ ըլլալով (նախապէս` 2014-ին եւ 2015-ին) կը հռչակուի ախոյեան:
Իսկ 57 քկ դասակարգին մէջ, Յարութիւն Սարգսեան Հայաստանին ապահովեց պրոնզ մետալ մը:



