Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ի Պատասխան Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Յայտարարութեան. Զախարովա. «Ռուսիան Կասկածելի Խորհուրդներու Կարիք Չունի»

May 22, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարած է, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը տարակուսանքով ընդունած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան յայտարարութիւնները ռուսական օրէնսդրութեան բազմաթիւ խախտումներուն պատճառով «Համառուսական ազրպէյճանական քոնկրես» հասարակական կազմակերպութեան արձանագրումը ջնջելու վերաբերեալ Ռուսիոյ գերագոյն դատարանի որոշումին առնչութեամբ:

«Ուշադրութիւն դարձուցած ենք ռուսական ներքին քաղաքականութեան առնչութեամբ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչի ելոյթին, հնչած են մեր երկրին մէջ «ազգամիջեան յարաբերութիւններու հաւասարակշռութեան, բարեփոխումներու հայեցակարգի ու միջմշակութային երկխօսութեան հեռանկարներու» մասին խօսքեր: Կը կարծենք, որ այդպիսի յայտարարութիւնները տեղին չեն: Ռուսական հասարակական կազմակերպութեան նկատմամբ ռուսական դատարանի որոշումը իբրեւ Ազրպէյճանի նկատմամբ «ոչ բարեկամական քայլ» գնահատելը տարօրինակ կը թուի», ըսած է Զախարովա:

Ան նշած է, թէ ցաւալի է, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը դարձեալ կ՛օգտագործէ եւ հրապարակաւ կը հնչեցնէ «հայկական հետք»-ի մասին շարք մը լրատուամիջոցներու մէջ հրապարակուած վարկածները:

«Մենք կասկածելի խորհուրդներու կարիք չունինք, թէ ինչպէ՛ս մեր սեփական երկրին մէջ պիտի  կառուցենք ազգամիջեան յարաբերութիւնները: Ռուսիան բազմազգ ժողովրդավարական պետութիւն է, ուր իւրաքանչիւրին իրաւունքները կ՛ապահովուին եւ կը պաշտպանուին` անկախ անոր ազգային պատկանելիութենէն: Մեր մօտ ստեղծուած են բոլոր պայմանները ինքնակազմակերպման եւ ազգային-մշակութային հասարակական միաւորումներու լիարժէք գործունէութեան համար», ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:

Յայտնենք, որ Ռուսիոյ Գերագոյն դատարանը բաւարարած է Ռուսիոյ արդարադատութեան նախարարութեան դիմումը` «Համառուսական ազրպէյճանական քոնկրես» հասարակական կազմակերպութիւնը լուծարելու վերաբերեալ` վերջինիս կանոնադրութեան` ռուսական օրէնսդրութեան չհամապատասխանելուն պատճառով:

 

 

Նախորդը

Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը Անընդունելի Կը Նկատէ Թուրքիոյ Կողմէ Գերմանիոյ Դէմ Կիրարկուած Շանթաժը

Յաջորդը

«Համառուսական Ազրպէյճանական Քոնկրես»-Ի Լուծարումը Քաղաքականութեան Հետ Կապ Չունի» Կ՛ըսէ Նեպենզիա

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.