Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Ժողովի Մնայուն Յանձնախումբերուն Թիւը Պիտի Ըլլայ 9. Ազգային Ժողովի Փոխնախագահները Ընտրուեցան

May 20, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Ազգային ժողովը 19 մայիսի իր նիստին քննարկեց խորհրդարանի մնայուն յանձնախումբերու կազմութեան հարցը: Յայտնենք, որ ներկայացուած էին երկու առաջարկներ` Հանրապետական կուսակցութիւնը (ՀՀԿ) կ՛առաջարկէր յանձնախումբերուն թիւը 12-էն վերածել 9-ի, իսկ «Ելք» դաշինքին առաջարկն էր ունենալ 10 յանձնախումբ:

Տեղի ունեցաւ քուէարկութիւն:  ՀՀԿ առաջարկին թեր քուէարկեց 64 պատգամաւոր, դէմ` 9, ձեռնպահ` 4: «Ելք» դաշինքի առաջարկին քուէարկութեան պատկերը հետեւեալն էր` 30 թեր, 1 ձեռնպահ: Այսպիսով որդեգրուեցաւ Հանրապետական կուսակցութեան առաջարկը եւ յանձնախումբերուն թիւը պիտի ըլլայ 9:

Քուէարկութեան նախորդած քննարկումին ընթացքին Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան ներկայացուց Դաշնակցութեան դիրքորոշումը եւ յայտնեց, որ ՀՅԴ-ն ներկայացուած երկու առաջարկներուն ալ համահեղինակ չէ:

«Ազգային ժողովը ներկայացուցչական մարմին է, ուստի անհրաժեշտ է, որ յանձնախումբերուն դերը աւելնայ: Մենք 7 հոգիէ կազմուած պատգամաւորական խմբակցութիւն ենք եւ հարց ունինք բոլոր յանձնախումբերուն մէջ ներկայացուածութիւն ունենալու: Այս կը նշանակէ, որ մեզի ձեռնտու է մնայուն յանձնախումբերուն թիւը նուազեցնելով վերածել 7-ի, որպէսզի կարենանք ամէն տեղ ներկայացուցիչներ ունենալ», ըսաւ Ռուստամեան:

Ըստ անոր, աւելցնելով յանձնախումբերուն թիւը, իրենք պիտի զրկուին ամէն տեղ ներկայութիւն ըլլալու կարելիութենէն` դիտել տալով, որ ասիկա միայն Դաշնակցութեան խնդիրը չէ, ուրիշ կազմեր եւս նոյն դժուարութեան դէմ յանդիման կրնան ըլլալ:

Միեւնոյն նիստին Ազգային ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեան յայտարարեց 4 խմբակցութիւններու ղեկավարներուն ու քարտուղարներուն անունները` դիտել տալով, որ օր մը առաջ բոլոր խմբակցութիւնները գումարած են ժողովներ եւ ընտրած իրենց խմբակցութիւններուն ղեկավարներն ու քարտուղարները:

ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար ընտրուեցաւ Արմէն Ռուստամեան, իսկ քարտուղար` Աղուան Վարդանեան: ՀՀԿ խմբակցութեան ղեկավար ընտրուեցաւ Վահրամ Բաղդասարեան, իսկ քարտուղար` Գագիկ Մելիքեան: «Ծառուկեան» դաշինքի խմբակցութեան ղեկավար` Գագիկ Ծառուկեան, քարտուղար` Վահէ Էնֆիաջեան: «Ելք« դաշինքի խմբակցութեան ղեկավար` Նիկոլ Փաշինեան, իսկ քարտուղար` Գէորգ Գորգիսեան:

Նոյն ժողովին  Էդուարդ Շարմազանովը, Արփինէ Յովհաննիսեանը եւ Միքայէլ Մելքումեանը ընտրուեցան վեցերորդ գումարման Ազգային ժողովի նախագահի տեղակալներ: Փակ գաղտնի քուէարկութեան արդիւնքները հրապարակեց ժամանակաւոր քուէախոյզ յանձնախումբի  նախագահ Գագիկ Մելիքեան: 105 պատգամաւորներէն քուէարկեցին 100-ը, որոնցմէ Շարմազանովին թեր` 84-ը, դէմ` 13-ը, Յովհաննիսեանին թեր` 73-ը, դէմ` 22-ը, իսկ Մելքումեանին թեր` 65-ը, դէմ` 29-ը:

Շարմազանովը եւ Յովհաննիսեանը իշխող Հանրապետական կուսակցութեան խմբակցութեան, Մելքումեանը` «Ծառուկեան» դաշինք խմբակցութեան պատգամաւորներ են:

 

Նախորդը

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահներուն Յայտարարութիւնը` Շփման Գիծին Մէջ Վերջին Զարգացումներուն Վերաբերեալ

Յաջորդը

Թեքսաս Դարձաւ Ցեղասպանութիւնը Ճանչցած 46-րդ Նահանգը

RelatedPosts

Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք`  Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր  Պատգամաւորներու Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք` Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր Պատգամաւորներու Միջեւ

October 30, 2026
Լեւոն Մնացականեան Պաքուի Դատարանին Մէջ Հերքած Է Ազրպէյճանցիի Մեղադրանքը
Հայկական

Ըստ Հայաստանի Իշխանութիւններուն Գերիներու Հարցի Լուծման Ուղին Կ՛անցնի Ազրպէյճանի Հետ Երկխօսութեան Ընդմէջէն

October 30, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.