Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2016-2017 տարեշրջանը հասած է կիսաւարտական` ֆայնըլ-ֆորի հանգրուան:
Անիկա կը սկսի այսօր, երբ Սանթրալ ժամը 21:00-ին իր դաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Պէյրութը:
Անոնք իրարու դէմ պիտի մրցին երեք անգամ, եւ երկու յաղթանակ արձանագրող խումբը պիտի ապահովէ աւարտականի իր տոմսը:
Երկրորդ մրցումը տեղի պիտի ունենայ հինգշաբթի, 18 մայիսին ժամը 21:00-ին, Շիահի մարզադաշտին վրայ:
Կիսաւարտականի երկրորդ մրցումին իրարու դէմ կը ճակատին Անթունիէ եւ Ըխուաթ Հատաս: Անոնց միջեւ առաջին մրցումը տեղի պիտի ունեայ, հինգշաբթի, 18 մայիսին` ժամը 19:00-ին, Անթունիէի մէջ:


