Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Աւարտականին Պիտի Մրցի Ռիատիի Դէմ

May 13, 2017
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան կիսաւարտականի` ֆայնը-ֆոր-ի չորրորդ ճակատումին, երէկ երեկոյեան  Մութթահետ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց ՀՄԸՄ-ը:

ՀՄԸՄ, որ նախքան այս մրցումը 2-1 արդիւնքով կը գերազանցէր հիւսիսային կազմին պէտք ունէր իր երրորդ յաղթանակին` ապահովելու համար աւարտականի իր տոմսը:

Այդպէս ալ պատահեցաւ, եւ ՀՄԸՄ իր երրորդ յաղթանակը արձանագրելով 3-1 արդիւնքով գերազանցեց իր մրցակիցին եւ հասաւ աւարտականին, ուր իր դէմ պիտի ունենայ Ռիատին:

Աւարտականի առաջին մրցումը սկիզբ կ՛առնէ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտէն:

Ինչ կը վերաբերի երէկուան մրցումին, ՀՄԸՄ իր յաղթանակը արձանագրեց 88-77 արդիւնքով (22-19, 42-38, 61-68 եւ 77-88):

Երկրորդ քորթըրին առաջին հինգ վայրկեանին, Մութթահետ յաջողեցաւ կէտերու տարբերութիւնը բարձրացնել մինչեւ 8 կէտի (28-20): Սակայն հետզհետէ կացութիւնը սկսաւ շրջուիլ ի նպաստ ՀՄԸՄ-ի` երրորդ քորթըրին երկրորդ հինգ վայրկեանէն սկսեալ:

ՀՄԸՄ  մրցումին աւարտէն քանի մը երկվայրկեան առաջ կէտերու տարբերութիւնը բարձրացուց 11-ի (86-75) եւ այդ տարբերութեամբ ալ աւարտեց մրցումը (88-77):

ՀՄԸՄ-էն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ֆատի Խաթիպ (27), ապա` Տուայն Ճեքսըն (24 կէտ, ներառեալ` 6 թրի փոյնթ), Էլի Շամուն (4 թրի փոյնթ), Քեւին  Կալուոէյ (8), Հայկ Կէօքճեան (5 կէտ): Իսկ Աթեր Մաճոք տապըլ-տապըլի հեղինակ (12 կէտ, 19 ռիպաունտ):

Մութթահետէն, Մելվին Քլիվլենտ նշանակեց 27 կէտ:

ՀՄԸՄ ընդամէնը նշանակեց 12 թրի փոյնթ, իսկ Մութթահետ` 7 (երկուքն ալ` 28 փորձերէ ետք):

Օրուան իրաւարարներն էին Ատել Խուէյրի (Լիբանան), Մոհամետ Թարաուանի (Յորդանան) եւ Անթոն Քոզլով (Ղազախստան):

Պատկերասփիւռի կայաններ, որոնցմէ կարեւորագոյնը` «Էլ. Պի. Սի.», յայտարարեցին որ ՀՄԸՄ առաջին անգամ ըլլալով ապահովեց աւարտականի իր տոմսը:

Սակայն իրականութեան մէջ անոնք տեղեակ են, որ ՀՄԸՄ 1949-1950 տարեշրջանին հանդիսացած է Լիբանանի ախոյեան (անոնց փոխանցուեցաւ «Ազդակ»-ի արխիւներէն թերթին օրինակը, ինչպէս նաեւ խումբին լուսանկարը):

Բայց եւ այնպէս կը թուի, որ անոնք կ՛ամչնան այդ պատմական իրողութիւնը յայտարարելու:

Նշենք, որ 1949-1950 տարեշրջանին ՀՄԸՄ աւարտականին պարտութեան մատնեց Ռընեսանս խումբը` իրեն մարզիչ ունենալով Յակոբ Քատեանը:

Յամենայն դէպս, անոնք չեն կրնար իրականութենէն փախուստ տալ, որովհետեւ պատմութիւնը կը վկայէ, որ ՀՄԸՄ եղած է Լիբանանի տղոց ախոյեան:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Ռիատի Պէյրութ-ՀՄԸՄ Անթիլիաս Առաջին Ճակատումը

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

«Էմ. Էմ. Էյ.»  Սպարտակ Միքայէլեանի 4-րդ Յաջորդական Յաղթանակը
Մարզական

«Էմ. Էմ. Էյ.» Սպարտակ Միքայէլեանի 4-րդ Յաջորդական Յաղթանակը

October 29, 2026
Թենիս.  Առնօ Աւետիսեան` Պրոնզէ Մետալակիր
Մարզական

Թենիս. Առնօ Աւետիսեան` Պրոնզէ Մետալակիր

October 29, 2026
Ալվարես Վերջապէս Որոշեց… Մնալ  Աթլեթիքօ Մատրիտի Մէջ
Մարզական

Ալվարես Վերջապէս Որոշեց… Մնալ Աթլեթիքօ Մատրիտի Մէջ

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.