Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հովանաւորութեամբ Պէյրութի Նահանգապետին Եւ Ներկայութեամբ Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի. Մայիս 6-ի Նահատակներու Ընտանեկան Պարագաները Նշեցին Անոնց Նահատակութեան 101-ամեակը

May 9, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ Պէյրութի նահանգապետ, դատախազ Շատի Զպիպի եւ ներկայութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ այլ քաղաքական, պետական ու պաշտօնական անձնաւորութեանց, շաբաթ, 6 մայիսի յետմիջօրէին, Պէյրութի կեդրոնական շրջանի Նահատակաց հրապարակին վրայ նշուեցաւ Լիբանանի Նահատակաց օրը:

Այս առիթով 6 մայիսի նահատակներու ընտանեկան պարագաներու անունով խօսք առին տոքթ. Մուսթաֆա Սլէյման Հայտար եւ Պէյրութի նահանգապետ դատախազ Զիատ Շպիպի ներկայացուցիչ, ճարտարապետ Պասեմ Օուէյնի: Նաեւ այս առիթով ներկայացուեցաւ եւ մակագրուեցաւ գրող Եուսեֆ Խազեմի «Ապտել Քարիմ Խալիլ. արաբներու առաջին ջահակիրը 1884-1915» խորագրեալ  գիրքը:

Մայիս 6-ի նահատակներու ընտանեկան պարագաներուն անունով խօսք առնելով` Մուսթաֆա Սլէյման Հայտար պատմական յետադարձ ակնարկով անդրադարձաւ 1908-ի Օսմանեան յեղափոխութեան, հաշտութեան եւ բարեկարգումի ճիգերուն, Երիտասարդ թուրքերու թուրանական ծրագիրին, Սայքս-Փիքոյի համաձայնութեան եւ  1915-1916 տարիներուն լիբանանցիներուն ենթարկուած հալածանքներուն եւ երկրին կրած հարուածներուն: Այս առիթով Հայտար նշեց նաեւ հայերու պարագան, որոնք արաբներուն եւ քիւրտերուն կողքին, նոյնպէս զոհ գացին Երիտասարդ թուրքերու` սիոնական շարժման հետ ծրագրած թրքացման քաղաքականութեան: Ապա ան թուեց նահատակներու անուններն ու անոնց նահատակութեան թուականն ու պայմանները: Հայտար պահանջեց վերակենդանացնել մայիս 6-ի Նահատակներու օրը եւ արժանավայել կերպով նշել զայն:

Խօսք առաւ նաեւ նահանգապետ Շպիպի ներկայացուցիչ Պասեմ Օուէյնի, որ իր կարգին շեշտեց մայիս 6-ի`  Նահատակաց օրուան վերակենդանացման եւ ոգեկոչման կարեւորութիւնը: Ան յայտնեց, որ անոնց նահատակութենէն 101 տարիներ ետք, այսօր տակաւին հպարտօրէն կը հանդիպինք նահատակներու անունները կրող Պէյրութի թաղամասերուն: Ան ոգեկոչման այս օրը կարեւոր հանգրուան նկատեց ազգային այդ նահատակ դէմքերու յիշատակը վերարժեւորելու գծով: «Մեր պարտականութիւնն է վերակենդանացնել այդ նահատակներու յիշատակը եւ գալիք տարիներուն յատուկ քայլերու պիտի դիմենք ոգեկոչելու ու վերարժեւորելու համար մեր նահատակները», ընդգծեց Օուէյնի:

Աւարտին տեղի ունեցաւ այս մասին անդրադարձող նշեալ գիրքին մակագրումը:

 

Նախորդը

«Պէյթ Մըսք»-ի Ամառնային Փառատօնի Մեկնարկի Մամլոյ Ասուլիսին. «Լիբանան Կրնայ Համաշխարհային Մակարդակի Զբօսավայր Դառնալ` Շնորհիւ Իր Քաղաքակրթական Եւ Արուեստի Հիմունքներուն» Ընդգծեց Նախարար Աւետիս Կիտանեան

Յաջորդը

Ընտրական Այլազան Տարբերակներու Գծով Տարակարծութեան Մթնոլորտին Մէջ. Հայեացքները Կեդրոնացած Են Նախարարարց Յանձնախումբի Այսօրուան Նիստին Վրայ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.