Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սարգսեան. «Եթէ Չըլլայիք Դուք, Ձեզմէ Առաջ Ծառայողները, Աւագ Սերունդի Յաղթանակները Կոպէկի Արժէք Պիտի Չունենային»

May 9, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, թէ աշխատանքային այցելութեամբ Արցախի Հանրապետութիւն գտնուող Հայաստանի նախագահ, զինուած ուժերու գերագոյն գլխաւոր հրամանատար Սերժ Սարգսեան երէկ Շուշիի մէջ  հանդիպում ունեցած է 2017-ին զօրացրուած, ինչպէս նաեւ ներկայիս  ժամկէտային զինուորական ծառայութեան մէջ գտնուող եւ ծառայութեան ընթացքին անձնուիրութեան ու խիզախութեան համար խրախուսման արժանացած խումբ մը զինուորներու եւ զօրացրուած սպաներու հետ: Հանդիպումին մասնակցած են Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան, ինչպէս նաեւ զինուորականներ` հազարապետ – զօրավար Նորատ Տէր Գրիգորեանց եւ գնդապետ – զօրավար Արկադի Տէր Թադեւոսեան, որոնց անցած ուղին օրինակ է ներկայիս զինուորներուն համար:

Աւանդական դարձած այս ձեւաչափով հանդիպումին նախագահը զինուորներուն առաջարկած է անկաշկանդ խօսիլ զիրենք  անհանգստացնող խնդիրներու, պաշտպանութեան մարզի  արդիականացման, բարեփոխումներու, հայրենիքի հետագայ հզօրացման ու զարգացման պատկերացումներու մասին եւ ներկայացնել իրենց առաջարկները: Նախագահ Սերժ Սարգսեան նաեւ պատրաստակամութիւն յայտնած է պատասխանելու հանդիպումին մասնակիցները հետաքրքրող հարցումներուն, լսելու զինուորներուն կարծիքները պաշտպանութեան նախարարի առաջարկած «Պատիւ  ունիմ» եւ «Ես եմ» գաղափարներուն վերաբերեալ:

«Առաջին հանդիպումէն ետք ծնաւ գաղափար` այս հանդիպումները դարձնելու պարբերական` յոյս ունենալով, որ յունուարին Դիլիջանի մէջ  տեղի ունեցած խօսակցութիւնը զարգանայ եւ ընթանայ նոյն ճամբով: Ասիկա մեզի կարելիութիւն կու տայ մէկ կողմէ` իբրեւ խրախուսանք օգտագործել այս հանդիպումները, որովհետեւ դժուար թէ ձեզմէ շատերը կարելիութիւն ունենային հանդիպելու Արկադի Տէր Թադեւոսեանի եւ Նորատ Տէր Գրիգորեանցի հետ, միւս կողմէ ալ` ատիկա մեզի կարելիուլթիւն կու տայ ուշադրութիւն դարձնելու այն հարցերուն եւ հանգամանքներուն վրայ, որոնք առաջին հայեացքէն մեզի համար տեսանելի չեն` ձեր համազգեստի յարմարաւէտութենէն, ձեր սպառազինութեան ամբողջականութենէն սկսեալ, մինչեւ մարտական պատրաստականութեան խնդիրները:

«Այսօր բոլորիս համար շատ յիշարժան օր է, շատ յիշարժան օր, որովհետեւ, եթէ 25 տարի առաջ չըլլար այս օրը, մենք ո՛չ միայն կարելիութիւն պիտի չունենայինք այստեղ նստելու, այլեւ թերեւս արդէն կորսնցուցած ըլլայինք այս Արցախ աշխարհը, որովհետեւ Շուշիի ազատագրումը մեզի կարելիութիւն տուաւ ամբողջովին զօրաշարժի ենթարկելու մեր ուժերը, դառնալու «ազգ-բանակ» եւ հասնելու անոր, որ Ղարաբաղը  ամբողջովին ազատագրուի, եւ ապահովէ գոնէ այստեղ ապրողներուն  անվտանգութիւնը:

«Կ՛ուզեմ որ դուք, գնահատելով ուրիշներուն վաստակը, գնահատելով այն մարդոց վաստակը, որոնք մեր յաղթանակը իրականութիւն դարձուցին, գնահատէք նաեւ ձեր վաստակը, որովհետեւ եթէ դուք չըլլայիք, չըլլային ձեզմէ առաջ ծառայողները, ակնյայտ է, որ աւագ սերունդի յաղթանակները կոպէկի արժէք պիտի չունենային», հանդիպումին սկիզբը ըսած է նախագահ Սարգսեան:

Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան Հանրապետութեան նախագահին եւ հանդիպումին մասնակիցներուն ներկայացուցած է պաշտպանութեան մարզի արդիականացման եւ բարեփոխումներու  շրջագիծին մէջ կատարուող հերթական նախագիծը, որ կը կոչուի  «Դիտակէտ»: Անիկա, ըստ նախարարին, կոչուած է զօրացրուած զինուորներու մասնակցութեամբ զօրամաս առ զօրամաս վեր հանելու առկայ խնդիրները, անոնց լուծումներ տալու եւ բանակին մէջ ապահովելու առաւելագոյն թափանցիկութիւն եւ հաշուետուողականութիւն:

Նախորդը

Նախագահ Սարգսեան Արցախի Մէջ Ներկայ Գտնուած Է Եռատօնին Առիթով Կազմակերպուած Հանդիսաւոր Երեկոյին

Յաջորդը

Դատապարտումի Եւ Ընդվզումի Մթնոլորտի Մէջ. Կոյր Փամփուշտի Զոհ Սարա Սլէյման Հողին Յանձնուեցաւ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.