Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաղաքական Լուրջ Ճիգեր` Նախքան Խորհրդարանի 15 Մայիսի Նիստը

May 8, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընտրական նոր օրէնքի մը հասարակաց տարազին շուրջ տարակարծութեան մթնոլորտին մէջ, շաբաթավերջի քաղաքական մթնոլորտը յատկանշուեցաւ աշխուժ խորհրդակցութիւններով` առնչակից մէկէ աւելի կողմերու միջեւ:

Արդարեւ, հակառակ 15 մայիս 2017-ի մօտալուտ ժամկէտի կարեւորութեան, պատկան կողմերը ցարդ չկրցան համախոհութեան մը յանգիլ, սահմանադրական այս կարեւորագոյն իրագործումի տարազին գծով: Փաստօրէն, մերժելով հանդերձ երկիրը դատարկութեան մատնելու կամ ընթացիկ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան ժամկէտը  երկարաձգելու փորձանքը` 2008-ի Տոհայի բարեփոխուած օրէնքը (որ վերանայուած տարբերակն է 1960-ի օրէնքին) կը մնայ «երկու չարեաց փոքրագոյնը»: Այլ կողմերու կարծիքով, նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի առաջադրած տարազը, որ հիմնականին մէջ հիմնուած է համամասնական տարբերակին վրայ, իր վրայ կեդրոնացուցած է կողմերու մեծամասնութեան ուշադրութիւնը:

Այս մթնոլորտին մէջ, վարչապետ Սաատ Հարիրի կոչ ուղղեց յատուկ ընտրական օրէնքի քննարկման եւ բանաձեւման համար կազմուած նախարարական յանձնախումբի նիստ գումարել վաղը` երեքշաբթի, երեկոյեան ժամը 6:00-ին:

Հարիրիի այս քայլը կու գայ վերաշխուժացնելու նշեալ յանձնախումբին գործունէութիւնը, նախքան չորեքշաբթի օր նախատեսուող նախարարաց խորհուրդի նիստը: Դէտեր հաւանական կը նկատեն նախարարաց խորհուրդի արտակարգ նիստի գումարումը հինգշաբթի օր` չորեքշաբթի օրուան նիստին ձախողութեան պարագային:

Այս ծիրին մէջ, քաղաքական կողմեր մետասաներորդ պահուն «անակնկալ նախաձեռնութիւններ» անհաւանական չեն նկատեր առնչակից կողմերէն: Այս հաւանականութիւնը առաւել եւս կը շեշտուի, յառաջիկայ հինգշաբթի, 11 մայիսի երեկոյեան նախատեսուող Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի արտասանելիք ճառին լոյսին տակ:

Կեցուածքներ

Նշեալ անորոշ մթնոլորտի լոյսին տակ, կողմերը շարունակեցին դրսեւորել իրենց կեցուածքները:

Պատկերասփիւռի «Օ. Թի. Վի.» կայանը երէկ իր երեկոյեան լուրերով հաղորդեց, որ առաջադրուող տարազներու ծիրին մէջ կը նախատեսուի սահմանադրական փոփոխութեամբ ծերակոյտի մը ստեղծումը, հաւասար բաժնեկցութեան որդեգրումը «ուղղափառ» տարազին հիմամբ: Ըստ նոյն աղբիւրին, քրիստոնեաներ համաձայն են ընտրական օրէնքի համամասնական տարբերակին` միաժամանակ մերժելով 15-31 մայիսի կամ 20 յունիսի իրերայաջորդ ժամկէտները` առանց գործնական լուծումի յանգելու: «Օ. Թի. Վի.»-ի հետեւած աղբիւրներուն կարծիքով, տիրող լռելեայն տագնապը կը շրջանցէ ընտրական օրէնքի տարազը` ձգտելով հաւասարութիւն գոյացնել քրիստոնեաներու եւ լիբանանեան մնացեալ կողմերուն միջեւ:

Իսկ «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հաղորդումով` «Ամալ» շարժումի եւ Հըզպալլայի ղեկավարներուն միջեւ ժողովը կը մերժէ խորհրդարանի թէ նախարարաց խորհուրդին մէջ սահմանադրական դատարկութիւնը, նոյնիսկ մէկ օրուան համար:

Մարոնիներու Ռայի պատրիարքը երէկ երեկոյ Վատիկանէն վերադարձին ի միջի այլոց անդրադարձաւ ընտրական օրէնքի հարցին` նշելով, որ «Բոլորը իրենց ձեռքերը սիրտերուն բռնած կը մաղթեն, որ 20 յունիսի ժամկէտին չհասնինք առանց ընտրական օրէնքի»:

Երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ «Էլ. Պի. Սի.»-ին կատարած իր յայտարարութեամբ հանգստացուց, թէ ընտրական նոր օրէնք մը պիտի մշակուի ամբողջական համամասնական տարբերակին հիմամբ` նախքան 20 յունիսի ժամկէտը:

 

Նախորդը

«Այն Բանը, Որուն Կը Հաւատամ» Խորագրեալ Գիրքով. Նախագահ Միշել Աուն Վերահաստատեց Լիբանանը Մշտադալար Եւ Ծաղկուն Պահելու Իր Խոստումը

Յաջորդը

Պասքեթպոլ. Դպրոցական Մրցաշարք. Սաժես Տիտղոսակիր` Յաղթելէ Ետք Շանվիլի (78-59)

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.