Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներ Կը Ցաւին Երեւանի Մէջ ԵԱՀԿ-ի Գրասենեակի Մօտալուտ Փակման Համար

May 6, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԵԱՀԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու առաքելութիւնը հրապարակած է յայտարարութիւն մը ԵԱՀԿ-ի երեւանեան գրասենեակի մօտալուտ փակման վերաբերեալ: Դեկտեմբեր 2016-ի վերջաւորութեան ԵԱՀԿ-ի մնայուն խորհուրդի լիագումար նիստին ժամանակ Ազրպէյճանի ներկայացուցիչը պնդած էր, որ իր երկիրը չի պատրաստուիր համաձայնութիւն տալ Երեւանի մէջ ԵԱՀԿ-ի գրասենեակի լիազօրութեան երկարաձգման որոշումին: Ազրպէյճանական կողմին համաձայն, Երեւանի մէջ ԵԱՀԿ-ի գրասենեակի գործունէութիւնը, մասնաւորաբար ռազմաքաղաքական ոլորտին մէջ, մտահոգութիւն կը յառաջացնէ Ազրպէյճանի մէջ:

Ազրպէյճանի ներկայացուցիչին համաձայն, վերջին տարիներուն լուրջ մտահոգութեան առիթ դարձած է Երեւանի մէջ ԵԱՀԿ-ի գրասենեակի ականազերծման առնչուած  գործունէութիւնը, ինչ որ «յստակօրէն յետհակամարտային վերականգնողական քայլ է»: Ազրպէյճան դժգոհութիւն յայտնած է այն մասին, որ ԵԱՀԿ-ի գրասենեակը աջակցութիւն կը տրամադրէ Հայաստանի Մարդասիրական ականազերծման եւ փորձագիտական կեդրոնին` Ազրպէյճանի սահմանակից բնակավայրերու մէջ ականազերծման աշխատանքներուն գծով:

Նիստի ընթացքին Հայաստանի ներկայացուցիչը ընդգծած էր, որ Ազրպէյճան հետեւողականօրէն կը փորձէ նուազեցնել ԵԱՀԿ-ի մնայուն ներկայութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ` յիշեցնելով, որ Ազրպէյճան նախ նուազեցուցած է, ապա պարզապէս փակած Պաքուի մէջ ԵԱՀԿ-ի գրասենեակը: Այժմ Ազրպէյճան կը փորձէ թիրախ դարձնել տարածաշրջանին մէջ ԵԱՀԿ-ի մնացեալ առաքելութիւնները` «զրպարտութիւն եւ անհիմն  մեղադրանքներ տարածելով»:

ԵԱՀԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու առաքելութիւնը ասոր վերաբերեալ հրապարակած է հետեւեալ յայտարարութիւնը.

«Միացեալ Նահանգներ կը ցաւին Երեւանի մէջ ԵԱՀԿ-ի գրասենեակի մօտալուտ փակման համար: Մենք կը ցաւինք, որ կը կորսնցնենք Հարաւային Կովկասի մէջ ԵԱՀԿ-ի գործունէութեան վերջին հարթակը, որովհետեւ այդ աշխատանքը անգնահատելի կերպով կ՛օգնէր հիւրընկալող երկիրներուն` ամրապնդելու յանձնառութիւնը ԵԱՀԿ-ի սկզբունքներուն եւ կառոյցին նկատմամբ ստանձնած պարտաւորութիւններուն` կարելիութիւն տալով երկխօսութիւն ստեղծել կառավարութեան ու քաղաքացիական հասարակութեան միջեւ:

«Մենք կը գնահատենք Գերմանիոյ եւ Աւստրիոյ նախագահութիւններու գործադրած ջանքերը, որոնք ուղղուած էին Երեւանի մէջ ԵԱՀԿ-ի գրասենեակի առաքելութեան երկարաձգման հարցը փակուղիէն դուրս բերման: Սակայն կը ցաւինք, որ Ազրպէյճան մերժեց համաձայնիլ երեւանեան գրասենեակի առաքելութեան երկարաձգման` պահանջելով, որ գրասենեակը վերջ տայ ականազերծման առնչուող մարդասիրական գործունէութեան: Հակառակ ամիսներ շարունակ ԵԱՀԿ-ի նախագահութեան գործադրած ջանքերուն` ան չկարողացաւ բոլոր կողմերը գոհացնող լուծում գտնել գրասենեակի աշխատանքը երկարաձգելու համար:

«Մենք կը գնահատենք Հայաստանի կառավարութեան համագործակցութիւնը ԵԱՀԿ-ին հետ: Երեւանեան գրասենեակը կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է Հայաստանի մէջ` երկրին օգնելով իրագործել ԵԱՀԿ-ի նկատմամբ ստանձնած պարտաւորութիւնները բոլոր երեք ուղղութիւններով` հարկային եւ կարգաւորիչ բարեփոխումներ, աջակցութիւն իրաւապաշտպաններուն, կանանց հաւասարութիւն եւ լրատուամիջոցներու ազատութիւն: Այս բնագաւառներուն մէջ գրասենեակին կատարած աշխատանքը դրական արդիւնք ապահոված է:

«Միացեալ Նահանգներ կոչ կ՛ուղղեն ԵԱՀԿ-ին` շարունակելու համագործակցութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ քաղաքացիական հասարակութեան հետ: Մենք կը դիմենք ԵԱՀԿ-ի նախագահութեան ու ընդհանուր քարտուղարին` կոչ ուղղելով նոր տարբերակներ գտնել Հայաստանի եւ Հարաւային Կովկասի մէջ ԵԱՀԿ-ի ներկայութիւնը ապահովելու համար:

«Եւ վերջապէս, Միացեալ Նահանգներ իրենց երախտագիտութիւնը կը յայտնեն դեսպան Արկօ Աւաքովին ու անոր աշխատակազմին յատկապէս վերջին ամիսներուն, երբ ԵԱՀԿ-ի երեւանեան գրասենեակի ապագան անորոշ էր, հրաշալի աշխատանք կատարելուն ու նուիրումին համար»:

Նախորդը

«Կարելի Չէ Արցախի Տագնապը Լուծել Առանց Ժողովուրդին Կամքը Նկատի Առնելու» Կ՛ըսէ Քասեմի

Յաջորդը

Սերժ Սարգսեանը Ընդունած Է Ս. Փեթերսպուրկի Նահանգապետ Կեորկի Փոլթավչենքոն

RelatedPosts

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա»  Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու  Ներկայացուցիչներուն Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա» Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

November 2, 2026
Միրզոյեան Եւ Ռաժժի Քննարկած Են  Հարաւային Կովկասի Եւ Միջին Արեւելքի Մէջ  Տեղի Ունեցող Զարգացումները
Գլխաւոր լուրեր

Միրզոյեան Եւ Ռաժժի Քննարկած Են Հարաւային Կովկասի Եւ Միջին Արեւելքի Մէջ Տեղի Ունեցող Զարգացումները

November 2, 2026
Քոպախիծէ. «Վրաստանը Կ՛ողջունէ  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի  Միջեւ Խաղաղ Հոլովոյթը»
Հայկական

Քոպախիծէ. «Վրաստանը Կ՛ողջունէ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղ Հոլովոյթը»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.