
«էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի կիսաւարտականի ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան երկու ճակատումներ:
Պոսթըն Սելթիքս, որ հիւրընկալեց Ուաշինկթըն Ուիզըրտծը, երկարաձգումէն ետք 129-119 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով 2-0 արդիւնքով առաւելութիւն մը ունեցաւ անոր նկատմամբ: Սելթիքս առաջին մրցումին 123-111 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր:
Երէկուան այս մրցումին Իսայահ Թոմաս կերտեց իր կազմին յաղթանակը` նշանակելով 53 կէտ: Անոր խմբակից Ալ Հարֆորտ տապըլ-տապըլ մը իրագործեց (15 կէտ, 12 ռիպաունտ):
Իսկ Ուիզըրտծէն տապըլ-տապըլ իրագործեցին Ճոն Ուոլ (40 կէտ, 13 էսիսթ) եւ Մարսին Կորթաթ (14 կէտ, 10 ռիպաունտ):
Ինչ կը վերաբերի տեղի ունեցած երկրորդ մրցումին, Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 106-94 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով Եութա Ճեզի դէմ, 1-0 արդիւնքով գերազանցեց իր մրցակիցը: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Սթեֆըն Քարի նշանակեց 22 կէտ եւ 7 ռիպաունտ:
Այսօր տեղի կ՛ունենան 2 մրցումներ: Քլիվլենտ Քաւալիրզ կը հիւրընկալէ Թորոնթօ Ռեփթըրզը, մինչ Սան Անթոնիօ Սփըրզ` Հիուսթըն Ռոքեթցը:
Քաւալիրզ եւ Ռոքեթց այժմ 1-0 արդիւնքով կը գերազանցեն իրենց մրցակիցը:


