Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՇԱԲԱԹ»ՆԵՐՈՒ ԾԻՐԻՆ ՄԷՋ. ԳՐԱԿԱՆԱԳԷՏ ՊՕՂՈՍ ՍՆԱՊԵԱՆ ՄԱԿԱԳՐԵՑ ԼՈՅՍ ԸՆԾԱՅԱԾ ԻՐ ՀԱՏՈՐՆԵՐԸ

March 19, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Պօղոս Սնապեան

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան տպարանին, «Հայ գրականութեան շաբաթներ» նախաձեռնութեան ծիրին մէջ երէկ` ուրբաթ, 18 մարտի կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Համազգայինի գրախանութին մէջ լիբանանահայ ծանօթ հրապարակագիր, գրականագէտ, մտաւորական Պօղոս Սնապեան մակագրեց լոյս ընծայած իր երկու նոր հատորները` «Պարոնը» եւ «Ձգողական»ը: Իր տեսակին մէջ եզակի այս նախաձեռնութիւնը կը միտի ամրացնել ընթերցող-գրող կապը, ինչպէս նաեւ ընթերցանութեան նկատմամբ հետաքրքրութիւն արթնցնել:

Այս առիթով «Ազդակ»ի հետ զրոյցին ընթացքին Պօղոս Սնապեան գնահատեց նախաձեռնութիւնը, որ գիրքերուն նկատմամբ սէր եւ հետաքրքրութիւն կը ստեղծէ, միւս կողմէ ան մտահոգութիւն յայտնեց, որ գաղութին մէջ արդեօք կա՞ն գիրք կարդացողներ եւ կամ այս նախաձեռնութիւնը խայծեր պիտի ստեղծէ՞ ուրիշներուն մօտ` կարդալու հետաքրքրութիւն ստեղծելու:

«Մեր իրականութեան մէջ ընթեցասիրութիւնը շատ տկարացած է», ըսաւ գրագէտը, իսկ խօսելով ախտաճանաչումին մասին` ան ըսաւ, որ մեր դպրոցներուն մէջ լեզուի նկատմամբ սէր արթնցնող ուժեր չունինք: Գիրքեր կը հրատարակուին, բայց այդ գիրքերը կարդացողներ դպրոցէն պիտի գան, եւ այդ դպրոցները չունին այդ ուժը փոխանցողներ կամ վարակողներ:

«Գիրքին նկատմամբ սէրը պիտի ըլլայ դպրոցին եւ տունին մէջ», ընդգծեց Սնապեան: Ան անդրադարձաւ նաեւ այլ կէտի մը. տան մէջ եթէ նոյնիսկ կայ այդ ծնողքը, որ կը գիտակցի ընթերցանութեան կարեւորութեան, ինչպէս նաեւ դպրոցին մէջ ցած դասարաններու պարագային այդտեղ զգալի է տարբերութիւնը, բայց որքան բարձրանան դասարանները, այնքան անոնց մօտ կը նուազի ընթերցանութեան նկատմամբ հետաքրքրութիւնը: Մինչդեռ այդ տարիքին է, որ պէտք է փոխանցուի այդ սէրը լեզուին եւ ընթերցանութեան նկատմամբ:

Պօղոս Սնապեան վստահեցուց, որ նոյնիսկ եթէ կրթական ծրագիրները ծանր են, երբ կը փոխանցուի այդ ուժը եւ նախաձեռնութեան ոգին, այդ աշակերտները վստահաբար իրենց դասերուն կողքին պիտի փնտռեն նաեւ գիրքը եւ ընթերցանութիւնը:

«Եթէ սէրը եւ վարակումը փոխանցուի, անոնք որքան ալ ծանրաբեռնուին պիտի կարենան յաղթահարել այդ դժուարութիւնը եւ անպայման ժամանակ պիտի գտնեն ընթերցանութեան», շեշտեց Պ. Սնապեան:

Իր խօսքին աւարտին Պ. Սնապեան հարց տուաւ «Այսօր մենք ունինք 15 երկրորդական վարժարաններ, եւ ամէն տարի եթէ անոնք մէկ ընթերցող պատրաստեն, 15 տարուան մէջ մենք կ՛ունենայինք աւելի քան հարիւր ընթերցող: Ո՞ւր են այսօր այդ ընթերցողները»: Յայտնենք, որ յառաջիկայ շաբաթ եւս կը շարունակուին լիբանանահայ գրողներու գործերու մակագրութիւններ Համազգայինի գրախանութին մէջ: Այս առիթով գրախանութը կ՛ընծայէ յատուկ զեղչեր` գրական հրատարակութիւններու վրայ:

 

Նախորդը

ԾԱՆՈՒՑՈՂԱԿԱՆ ԹՂԹԱԿՑՈՒԹԻՒՆ «ԱՇՃԵԱՆ ԹՈՒՐԶ»Ի ԴԷՊԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՃԱՄԲՈՐԴԱԿԱՆ ՆՈՐ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ

Յաջորդը

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ԿՈՄԻՏԱՍ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ. ՅԱԿՈԲ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆԻ «ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՀԱՅ ԱՄԻՐԱՅԱԿԱՆ ԴԱՍԱԿԱՐԳԸ» ԳԻՐՔԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.