Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ընտրական Օրէնքին Գծով Տարակարծութեանց Մթնոլորտին Մէջ. Աշխուժ Խորհրդակցութիւններ Կը Նախատեսուին Յառաջիկայ 48 Ժամերուն, Նախքան Նախարարաց Խորհուրդի Հինգշաբթի Օրուան Նիստը Համախոհութեան Յանգելու Յոյսով

May 3, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երկրի հրատապ հարցերէն ընտրական օրէնքին գծով տարակարծութիւնները կը շարունակուին առնչակից տարբեր կողմերուն միջեւ: Այս ծիրին մէջ բոլորին ուշադրութիւնը կեդրոնացած է վաղը` հինգշաբթի նախատեսուող նախարարաց խորհուրդի նիստին վրայ, որուն օրակարգի 102 կէտերուն առաջինը յատկացուած է ընտրական օրէնքի քննարկման: Այս գծով կարգ մը կողմեր մտավախութիւն կը յայտնեն, որ համախոհութեան չգոյութեան պարագային կեցուածքները կրնան առաւել եւս սրիլ եւ տագնապը աւելի խորացնել, ինչ որ կրնայ յանգիլ սահմանադրական դատարկութեան, եթէ ոչ 1960-ի օրէնքի ընտրանքին: Երեւոյթ մը, որ երկու ընտրանքներու պարագային անբաղձալի է: Այլ կողմեր վերահաստատեցին, որ սահմանադրական դատարկութեան վտանգ չկայ եւ եղածը պարզապէս թիւրիմացութիւն ու տարակարծութիւն է` առաջադրուող տարազներու մանրամասնութիւններուն գծով:

Կեցուածքներու այս տարակարծութեան եւ քաղաքական տարակարծութեան մթնոլորտին մէջ, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի երէկ երեկոյեան արտասանած ճառը եկաւ վճռելու Հըզպալլայի եւ անոր դաշնակից կողմերու կեցուածքը: Նասրալլա կոչ ուղղեց երկխօսութեան, համախոհութեան եւ փոխադարձ զիջումներով լուծելու այս հարցը: «Ժամանակը սպառած է եւ շրջանի իրադարձութիւնները մեզ կը մղեն առաւել եւս շրջահայեաց ըլլալու», ընդգծեց Նասրալլա` նշելով, որ կը գտնուինք անդունդի եզրին, եւ զգուշացուց երկիրը դէպի անդունդ մղելէ (մանրամասնութիւնները` 2-րդ էջով):

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան աղբիւրներ հանդարտեցուցին, թէ սահմանադրական դատարկութեան վտանգ չկայ: Հոսանքի ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ վերահաստատեց ընտրական օրէնքին գծով երեք «ոչ»-երը` խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգման եւ երեսփոխանական ընտրութիւններու յետաձգման, 1960-ին օրէնքին վերադարձին, թէ սահմանադրական դատարկութեան գծով: Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի շաբաթական հերթական նիստի աւարտին կատարած իր յայտարարութեամբ, նախարար Պասիլ հաւանական նկատեց քուէարկութեան կայացումը կառավարութեան նիստին` ընտրական նոր օրէնքի մը շուրջ համախոհութեան յանգելու գծով: Ան յիշեցուց, թէ 15 մայիսի ժամկէտը վերջնական է եւ թէ կարելի է մինչեւ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան աւարտի ժամկէտէն մէկ օր առաջ` 19 յունիսին վճռել այս հարցը:

Մուսթաքպալ հոսանքը իր կարգին վերահաստատեց իր վճռական կեցուածքը` Թաէֆի համաձայնութեան տրամադրութիւններուն հիմամբ ընտրական օրէնքի որդեգրումին գծով` միաժամանակ մերժելով սահմանադրական դատարկութիւնը:

Այն Թինէի աղբիւրներուն համաձայն,  խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի մերժած է ստանձնել իր առաջադրած տարազին գծով նախարար Ժըպրան Պասիլի կատարած կարգ մը բարեփոխումներու ցանկը: Նոյն աղբիւրներուն կարծիքով` խորհրդարանի «բանալիները» Պըրրիի մօտ են եւ թէ որեւէ ընտրութիւն խորհրդարանի նիստի կը կարօտի, ըլլայ անիկա ընտրական նոր օրէնքի որդեգրման թէ ժամկէտներու յետաձգման գծով:

«Կարեւորը նախարարաց խորհուրդին արժանահաւատ եւ իրաւացի ըլլալն է», շեշտեց փոխվարչապետ Ղասսան Հասպանի` նշելով, որ նախարարաց խորհուրդը ժողովուրդին շահերը հոգացող ու հետապնդող կառոյց է:

Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը շաբաթական իր հերթական նիստի աւարտին յայտնեց, որ սահմանադրական դատարկութիւնը, երկարաձգումը կամ յետաձգումը բոլորն ալ նոյն մետալին տարբեր երեսներն են, որոնք կը յանգին խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգման:

Առ այդ, կը նախատեսուի, որ քուլիսային թէ բացայայտ աշխուժ խորհրդակցութիւններ կատարուին առնչակից կողմերուն միջեւ եւ ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս, մետասաներորդ պահուն համախոհութեան յանգելու տրամադրութիւններ դրսեւորուին

Նախորդը

Հրանդ Մարգարեան. «Վարչապետին Հետ Բնականոն Յարաբերութիւններ Ունինք»

Յաջորդը

Թենիս. Նատալ 10-րդ Անգամ Ըլլալով Տիտղոսակիր` Պարսելոնայի Մրցաշարքին

RelatedPosts

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական  Գործակցութեան Նախարարը`  Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու  Լուծման Համար Դիւանագիտական  Լուծումներուն Կը Կառչինք»
Լիբանանեան

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական Գործակցութեան Նախարարը` Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու Լուծման Համար Դիւանագիտական Լուծումներուն Կը Կառչինք»

October 30, 2026
Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ  Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում

October 30, 2026
Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց  Պէյրութի Նաւահանգիստ
Լիբանանեան

Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պէյրութի Նաւահանգիստ

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.