Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՔՆԱՐԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ. ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԵԱՄԲ ԵՒ…

October 19, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

Գիր ու գրականութեան, գեղարուեստի եւ մշակութային արժէքներու վերաբերեալ հետաքրքրութիւնները նահանջի մէջ են: Թեթեւ հաճոյքներու հետեւիլը եղած է օրուան կարգախօսը, մէկ կողմ ձգած` անհրաժեշտն ու դաստիարակիչ պարտաւորութիւնները: Ո՞ւր փնտռել այս չարիքին արմատները: Չենք կրնար մեղադրել միայն համացանցային գիտութեան տրամադրած նորութիւնները: Ամէն ինչ իր տեղին իրագործելու իմաստութիւնը հեռացած ըլլալ կը թուի, իսկ մենք կը տուայտինք` առանց անդրադառնալու մեր դիմաց բացուած արժէքներու կորուստին, մեր կեանքը տգեղցնող անիմաստ եւ անօգուտ հեւքին:

Այս մտորումները ունեցանք անգամ մը եւս` ներկայ ըլլալով ասմունքի վարպետ Անի Սարաֆեան-Եփրեմեանի ԱՍՄՈՒՆՔի երեկոյին, 16 հոկտեմբեր 2011-ին Յ. Տէր Մելքոնեան հանդիսասրահին մէջ: (Այս մասին կարդալ «Ազդակ» 17 հոկտեմբերի համարը):

Ուրախութեամբ ներկայ եղանք յիշեալ երեկոյին, որովհետեւ մեր գաղութին մէջ հազուագիւտ ներկայութիւն են ասմունքողները, այսինքն` հայ գրականութեան, բանաստեղծութեան հետ մեզ մտերմացնողները: Անի Սարաֆեան-Եփրեմեան նոր անուն մը չէ` մեր բեմերուն վրայ յայտնուած: Աւելի քան 20 տարիներու փորձառութիւն եւ վաստակ ունի այս ասպարէզին մէջ. գեղարուեստասէր ու գրասէր հանդիսականներուն ներկայացուցած իր ասմունքի երեկոները միտք պահելիք առիթներ եղած են:

Հայաստանի սարսափելի երկրաշարժը ցնցած էր մեր ժողովուրդը` Հայաստանէն սփիւռք: Բանաստեղծներ, գրողներ արտայայտուեցան այս ահաւոր պատահարին, տարիներ շարունակ մամուլը եւ առանձին հրատարակութիւնները պատմութեան յանձնեցին բնութեան սարքած եղեռնը: Յիշենք այս անգամ եւս, Անի Եփրեմեանի մատուցմամբ ներկայացուած Սիլվա Կապուտիկեանի քերթողութեան այս բաժինը, երկրաշարժին նկարագրականը, բանաստեղծուհիին իւրայատուկ տաղանդին ընծայումով:

Արուեստագիտուհի ասմունքողը չվարանեցաւ բեմ բարձրացնել երկրաշարժը գրականութեամբ բացատրող պոէմը, իր օրին ներկայացուց իր արտասանական ոճով, միտք ու սիրտ ագուցելով: Այս պարագային հարկ է յիշել ասմունքողին յիշողութեան պայծառութիւնը, առանց որուն` կարելի պիտի չըլլար ամենայն ճարտարութեամբ եւ հաղորդականութեամբ մատուցել բանաստեղծութիւնը: Երկրաշարժը` վայրկեան մը տեւող, ունեցաւ իր անմոռանալի ազդեցութիւնը` տարիներու յիշողութիւնը թարմացնող:

Ասմունքող Անի Սարաֆեան-Եփրեմեան հայ գրականութեան ու մասնաւորաբար բանաստեղծութեան հանդէպ իր սէրը փոխանցեց դարձեալ Հայաստանի անկախութեան 20-ամեակին նուիրուած իր այս յայտնագործութեամբ: Գաղութը ունի ասմունքողներ` մատի վրայ համրուած, բայց Անին շարունակեց արտայայտել իր սէրը` հանրութեան ներկայացնելով գեղարուեստի քնարական այս երեկոն: Ան առաջին մասով ներկայացուց Ս. Կապուտիկեանի գրիչով ստեղծուած երկրաշարժը, երկրորդ բաժինով` Հայաստանի վերականգնումը աւերէն ու ցաւէն ետք, երրորդ մասով վերանկախացած Հայաստանը, Արամայիս Սահակեանի եւ Շահանդուխտի բանաստեղծութիւններէն քաղուած համադրումով: Աշխատանք մըն է սա` երկարաշունչ եւ հետեւողական: Անին չէ վարանած կարդալու հատորներ` զանոնք ներկայացնելով նաեւ մեզի: Արդեօք այս օրերուն ո՞վ ձեռք պիտի առնէր նման գիրքեր` քանի մը էջ կարդալու: Շնորհակալութիւն` արուեստագիտուհիին, որ մեզ հաղորդակից դարձուց մեր ճակատագրին ցաւոտ ու պանծալի հանգրուաններուն:

Երեկոն համեմուած էր նուագով` Խաժակ Խաչատուրեանի ջութակի եղանակներով: Նոյն ատեն երաժշտութեան պատշաճ միջամտութիւն, պարման աղջնակներու պարային պատկերով, առանց մոռնալու բեմի ճակատին բացուած շարժանկարային պատկերացումը: Իրաւամբ` գեղարուեստի գեղանկարչական միջամտութիւն մը, հաճելի եւ սրտամօտ:

Հանդիսութեան մասին իրենց գնահատական գովքը ներկայացուցին ձեռնարկին հովանաւոր Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան, որ իր սրտի խօսքի աւարտին Կոստան Զարեանի մէկ քերթողագիրքը նուիրեց ասմունքողին:

Լիբանանահայ թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան իր հուսկ բանքով արժեւորեց բանաստեղծութիւնը` իբրեւ գրականութեան գերագոյն զօրութիւն, եւ մարգարէաշունչ խօսքերու պատգամ: Սրբազանը մաղթեց, որ յաճախակի ըլլան նման հարստացնող երեկոներ` վասն գրականութեան ծաղկումին եւ մնալու բարոյական բարձրութեան վրայ, որովհետեւ` «Բանաստեղծութեան մը արտասանութեամբ փոխանցումը աւելի ուժ ունի, քան` դասախօսութիւն մը», հաստատեց Գեղամ սրբազան` ներկաներուն ուղղելով իր մտածումը եւ հաւատքը:

«Պահպանիչ» աղօթքով առաջնորդ սրբազանը յիշեցուց հանդիսականներուն, թէ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին զօրավիգ կանգնած է հայ արուեստին եւ հայրենական մեր մաքառումներուն, պատմութեան ընթացքին. հարկ է գիտակցիլ այս ճշմարտութեան եւ սխալ հոգեբանութեամբ եւ ծուռ միտքերով չտարուիլ օտարամոլութեան հոսանքէ:

Բանաստեղծութեամբ ներշնչուած Անի Սարաֆեան-Եփրեմեան մարտահրաւէր մը ներկայացուց` տէր կանգնելու մեր մշակոյթին, մեր արուեստին եւ մեր հոգեմտաւոր արժէքներուն:

 

 

Նախորդը

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ 20-ԱՄԵԱԿԻ ՏԱՍԸ ԿԱՐԵՒՈՐ ԴԷՊՔԵՐԸ

Յաջորդը

«ԱՐԻ ՏՈՒՆ» ԾՐԱԳԻՐԻ ՄԱՍՆԱԿԻՑ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԱՇԱԿԵՐՏԻ ՄԸ ՕՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.