«Ֆորմիւլա-1»-ի աշխարհի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ Սոչիի մէջ տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ կրան փրին (53 լեփ):
Մերսետեսի ֆինլանտացի վարորդ Վալթերի Պոթաս, արձանագրելով 1 ժամ 28 վայրկեան եւ 8 երկվայրկեան արդիւնք մը, հանդիսացաւ առաջին, այսպիսով իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով արձանագրելով յաղթանակ մը:
Անոր ետին 2-րդ դիրքը գրաւեց «Ֆեռարի»-ի գերմանացի վարորդ Սեպասթիան Վեթել (0’617 ուշ), մինչ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց «Ֆեռարի»-ի երկրորդ վարորդը` ֆինլանտացի Քիմի Ռայքոնըն (11” ուշ): Իսկ չորրորդ դիրքը գրաւեց «Մերսետես»-ի անգլիացի վարորդ Լուիս Հեմիլթըն (36” ուշ):



