Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խանլարեան. «Իրանի Նախագահական Ընտրութեան Պիտի Որդեգրուի Դրական Չէզոքութիւն»

April 28, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի մէջ սպասուող նախագահական ընտրութեան հայ համայնքը դրական չէզոքութեան դիրքով հանդէս եկած է: «Թերթ»-ի հետ զրոյցին ընթացքին` խօսելով այն մասին, թէ ի՛նչ նախընտրութիւններ ունի իրանահայ համայնքը սպասուող նախագահական ընտրութեան, այս մասին ըսաւ Իրանի խորհրդարանի  պատգամաւոր Կարէն Խանլարեան:

«Մենք այս ընթացքին պիտի փորձենք կապ հաստատել բոլոր լաւ առիթ ունեցող թեկնածուներուն հետ, որոնք այս ընտրութեան վեց թեկնածուներ են: Պիտի փորձենք իրենց հետ մեր ներհամայնքային դժուարութիւնները քննարկել: Անոնք ալ, վստահաբար, սովորաբար նման պարագաներու նախընտրական խոստումներ կու տան: Հիմա տակաւին այդ գործընթացը չենք սկսած, բայց շուտով պիտի սկսինք», ըսաւ ան:

Իրանի մէջ նախագահական ընտրութիւնը տեղի պիտի ունենայ 19  յունիսին:

Իրանահայ համայնքը Իրանի նախագահի թեկնածուներուն ուղղուած  քանի մը պահանջ ունի, որոնցմէ ամէնէն կարեւորը Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումն է: «Որոշ դրական, խոստումներ չէ, բայց զրոյցներ տեղի կ՛ունենան», ըսաւ ան:

Ըստ իրանահայ պատգամաւորին, թեկնածուներուն համար հայերուն  ձայները քանակական առումով կարեւոր չեն, քանի որ համայնքը այնքան ալ մեծ թիւ չի կազմեր: «Բայց քաղաքական տարբեր պատճառներով թեկնածուները կ՛ուզեն հայութիւնը ունենալ իրենց կողքին: Պատճառը պարզ է. հայերը միշտ ալ եղած են լաւ քաղաքացի, միշտ ալ եղած են հաշտ տարր այս երկրին մէջ եւ ունին բարձր հեղինակութիւն: Բացի ատկէ, իրանահայութեան կապերը Հայաստանի հետ քաղաքական եւ  միջազգային առումով շատ կարեւոր են Իրանի քաղաքական վերնախաւին համար», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ ամէն պարագայի, հայ համայնքը մինչեւ վերջ կը պահէ իր դրական չէզոքութիւնը:

 

Նախորդը

Վարչապետ Կարապետեան. «Աշխատանքային Օրէնսգիրքը Արմատապէս Պէտք Է Փոխել Կամ Ներկայացնել Նորը»

Յաջորդը

Արցախի Պաշտպանութեան Նախարարը Խորհրդակցութիւն Կատարած Է Բանակին Վերաբերող Հարցերու Շուրջ

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.