Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Մեղրեան» Եւ «Բեկոր» Մասնաճիւղեր. Կոմիտասի Նուիրուած Ոգեկոչման Ձեռնարկ

April 24, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Մեղրեան» եւ «Բեկոր» մասնաճիւղերուն կազմակերպութեամբ շաբաթ, 22 ապրիլ 2017-ին, երեկոյեան ժամը 9:00-ին, Զալքայի Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակին առիթով Կոմիտասի նուիրուած ոգեկոչման ձեռնարկ:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութեամբ սկիզբ առաւ ձեռնարկը, ապա ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Արազ Գազանճեան: Ան ըսաւ, թէ Հայ դատի հետապնդման աշխատանքներուն մէջ մեծ դերակատարութիւն ունեցած է հայ միտքը, որ արտայայտուած է գաղափարական արժանիքներով, տեսլականով եւ մշակոյթով: Ան հաստատեց, որ հայ երիտասարդը իր պայքարին մէջ պիտի պահպանէ հայկականը, հայ մշակոյթը եւ դէմ յանդիման կանգնի օտարացման հոսանքներուն եւ ի մասնաւորի թրքացման քաղաքականութեան:

Հաղորդական ու գեղեցիկ ոճով Նարօտ Սերուժեան ձեռնարկի ընթացքին համապատասխան նկարներու ուղեկցութեամբ ներկայացուց Կոմիտաս վարդապետի կեանքն ու գործունէութիւնը:

Այնուհետեւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Մեղրեան» մասնաճիւղէն Նարօտ Ադամեան ջութակով նուագեց Կոմիտասի «Ծիրանի ծառ»-ը` դաշնակի ընկերակցութեամբ Սիրվարդ Պոյաճեան-Սապունճեանի: Ռիթա Սարգսեան ապրումով ասմունքեց Պ. Սեւակի «Անլռելի զանգակատունէն» հատուած մը, որմէ ետք երկու մասնաճիւղերէն ընկերուհիներ ներկայացուցին հայկական պար մը:

Օրուան պատգամը ուղղեց Զաքար Քէշիշեան: Իր խօսքին սկիզբը ան ըսաւ, թէ հաւաքը կը նպատակադրէ Կոմիտասի կեանքին ու կերպարին ընդմէջէն մեր յարգանքի տուրքը մատուցել մէկուկէս միլիոն սրբադասուած նահատակներուն եւ նորոգել մեր ուխտը Հայ դատին նկատմամբ: Ան ներկայացուց, թէ ինչպէ՛ս Կոմիտաս Հայոց ցեղասպանութիւնը մարմնաւորող խորհրդանիշ դարձած է, նոյնիսկ շատ երկիրներու մէջ անոր արձանը կառուցուած է ո՛չ միայն իբրեւ Կոմիտասի արձան, այլեւ 1915 թուականին Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշակոթող:

Պատգամախօսը յայտնեց, որ Կոմիտաս վարդապետը համամարդկային արժէք է. ան հայ ըլլալով հանդերձ բազմաթիւ ազգերու կը պատկանի, տիեզերական երեւոյթ է, հետեւաբար թուրքը յանցապարտ է ո՛չ միայն հայ ժողովուրդին  նկատմամբ, այլեւ ամբողջ մարդկութեան նկատմամբ:

Անդրադառնալով Կոմիտասի արժէքներուն` Զ. Քէշիշեան ըսաւ, որ Կոմիտաս ուսումնասիրած է արեւելեան երաժշտութիւնը եւ բոլորին մէջէն մաքրազտած, ցուցադրած եւ ապացուցած, որ հայ ազգը ունի ինքնուրոյն երաժշտութիւն: Կոմիտաս գիտական հիմքերու վրայ ապացուցած է, որ արեւելեան երաժշտութեան մէջ իրարմէ կը տարբերին քրտական, արաբական եւ հայկական երաժշտութիւնները: Ասիկա հայ երաժշտութեան համար եղաւ հիմնաքար:

Ան ըսաւ, թէ Կոմիտաս կը  դասուի միջազգային հանճարներու շարքին: Կոմիտաս հաւաքած է անմշակ երգերը, մաքրազտած ու գեղարուեստական ինքնուրոյն ազգային բարձր գոհարի վերածած զանոնք եւ իբրեւ այդպիսին հայ ժողովուրդի զաւակներուն ժառանգութիւն ձգած:

Պատգամախօսը նշեց նաեւ, թէ ինչպէ՛ս Կոմիտաս յաջողած է 300 հոգիով հանդէս գալ համերգներով ու ապշեցնել ո՛չ միայն հայերը, թուրքերը, այլեւ Պոլսոյ մէջ ապրող միջազգային դիւանագէտները: Կոմիտաս ճողոպրած է Մեծ եղեռնէն: Ան տարուած է Չանղըրը, բայց շնորհիւ իր տաղանդին եւ օտար միջամտութիւններուն ազատած է:

Զ. Քէշիշեան դիտել տուաւ, որ Կոմիտասի աշակերտներէն Բարսեղ Կանաչեան ապրած եւ ստեղծագործած է Լիբանանի մէջ: Կոմիտասի աշակերտները տարբեր երկիրներու մէջ շարունակած են իր գործը: Կոմիտաս հաւաքած է բազմաթիւ երգեր, որոնց ոչ բոլորը հասցուց երգելու, մշակել` Հայոց ցեղասպանութեան պատճառով:

Պատգամախօսը եզրափակեց իր խօսքը ըսելով. «Հայ մնալու համար հայը պէտք է առնուազն տասը Կոմիտասի երգ գիտնայ: Հայ դատ կրնանք հետապնդել, երբ հայը հայ եւ պահանջատէր մնայ, իսկ հայ մնալու համար հայը պէտք ունի Վիթամին Կ-ի` Վիթամին Կոմիտասի: Սորվինք ու երգենք Կոմիտաս»:

Ձեռնարկի աւարտին Գէորգ Պէպէճեան հոգեհարազատ ոճով մեկնաբանեց  «Հայաստան երկիր դրախտավայր», «Կռունկ» եւ «Տլէ Եաման» երգերը` դաշնակի ընկերակցութեամբ Ժանա Սահակեանի:

Լուսանկարները՝ Studio Alex-ի

 

 

Նախորդը

Հայաստան. Աւանդական Դարձած Ջահերով Երթին Մասնակցեցան Հազարաւոր Հայորդիներ

Յաջորդը

Լիբանանի Պատանեկան Միութիւնները Ներկայացնող Պատուիրակութիւն Մը Կ՛այցելէ Պիքֆայա

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.