
«Ֆինիքս ֆայթինկ Չեմփիընշիփ»-ի նախագահ Շահէ Երեւանեան յատուկ մամլոյ ասուլիս մը տալով «Լը Ռուայալ» պանդոկին մէջ (Տըպպայէ), պաշտօնապէս յայտարարեց, որ շաբաթ, 29 ապրիլին, «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք) տեղի պիտի ունենայ «Ֆինիքս-2» Մուայ-թայի մրցաշարքը:
Մամլոյ ասուլիսը տեղի ունեցաւ ներկայութեամբ եւ հովանաւորութեամբ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի: Նախարար Կիտանեանէն բացի ասուլիսին ներկայ էին երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի ներկայացուցիչ Մոհամետ Աուայտաթ, Մուայ Թայի լիբանանեան եւ արաբական մասթըր Սամի Քըպլաուի, տարբեր ֆետերասիոններու ու միութիւններու նախագահներ եւ պատասխանատուներ, յատուկ հրաւիրեալներ եւ մարզական լրագրողներ:
Կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով իր արտասանած խօսքին մէջ, մարզական լրագրող Խալետ Մուժահես ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց «Ֆինիքս-1»-ի ձեռք ձգած յաջողութիւնը, ապա յայտարարեց ցանկը մասնակցող բոլոր մարզիկներուն:
Անոնց կարգին է նաեւ Հայաստանէն Արմէն Գրիգորեան, որ երեքշաբթի, 25 ապրիլին կը հասնի Լիբանան: Յառաջիկային աւելի մանրամասն կ՛անդրադառնանք հայրենի անուանի մարզիկի կենսագրութեան եւ կարեւորագոյն իրագործումներուն:
Ապա խօսք առաւ Շահէ Երեւանեան եւ ըսաւ.

«Նախ եւ առաջ կու գամ շնորհակալութիւն յայտնելու սիրելի նախարար Աւետիս Կիտանեանին` այս մրցաշարքը հովանաւորելուն եւ անոր անձամբ ներկայ գտնուելուն համար:
«29 ապրիլին «Ֆինիքս-2» մրցաշարքի կայացման համար իր մեծ եւ կարեւոր դերը ունեցաւ նաեւ Սամի Քըպլաուի, որ Լիբանան հրաւիրեց աշխարհահռչակ մարզիկներ, որոնք պիտի պայքարին «Տապլիու Էմ. Սի.»-ի չորս տիտղոսներու համար: Անոնց վրայ կ՛աւելնան նաեւ «Ֆինիքս»-ի 3 գօտիներ` տիտղոսներուն թիւը հասցնելով 7-ի:
«Էլ. Պի. Սի. Այ.» պատկերասփիւռի կայանէն բացի, այս մրցաշարքը աշխարհի տարածքին պիտի պատկերասփռուի 200 տարբեր երկիրներու մէջ:
«Յառաջիկայ տարիներուն ծրագիր ունինք նմանօրինակ մրցաշարքեր կազմակերպելու նաեւ Լիբանանէն դուրս:
«Բոլորն ալ գիտեն, թէ ինչ դժուար ծրագիր, որ կ՛ունենամ, զայն ամէն գնով կ՛իրականացնեմ:
«Եզրափակելով կու գամ շնորհակալութեան իմ խօսքս ուղղելու լիբանանցի մարզական լրագրողներուն, որոնք այս կարեւոր իրագործումին յաջողութեան գլխաւոր մասը կը կազմեն:
Ապա զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան խօսք առնելով ըսաւ.
«Համաձայն գտնուեցայ «Ֆինիքս-2»-ը հովանաւորելու, գործակցելէ ետք երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Մոհամետ Ֆընէյշի հետ:
«Ուրախացայ, երբ լսեցի մեր սիրելի բարեկամէն` Շահէ Երեւանեանէն, որ այս մարզական իրադարձութիւնը պիտի պատկերասփռուի երկու հարիւր երկիրներու մէջ:
«Զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը` զօրակցելով այս մրցաշարքին, կու գայ ամբողջ աշխարհին ցոյց տալու Լիբանանի զօրակցութիւնը մարզական կարեւոր իրադարձութիւններուն»:

Ապա առիթ տրուեցաւ լրագրողներուն, որ իրենց հարցումները ուղղեն:
Հարցումի մը պատասխանելով` Շահէ Երեւանեան ըսաւ.
«Շինարարութեան մարզին մէջ ձեռք ձգեցի մեծ յաջողութիւն, ապա յաջողութիւն ձեռք բերի մարզական իրադարձութիւններ կազմակերպելու աշխատանքին մէջ:
«Հանգուցեալ հայրս` Արա Երեւանեան, Լիբանանի խորհրդարանին մէջ երեսփոխան էր 1972-էն: 1990-ին ան դարձաւ առաջին երեսփոխանը, որ ներկայացուց իր հրաժարականը»:
Լուսանկարները տրամադրեց`
ՓԻԹԸՐ ՄԱԹԱՐ


