Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Իրանի Հետ Հիւլէական Գործարքը Ամբողջովին Ձախողած Է» Կ՛ըսէ Թիլըրսըն

April 21, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն յայտարարած է, թէ հիւլէական ծրագիրին շուրջ Իրանի հետ գործարքը ձախողութեան մատնուած է:

«Համապարփակ գործողութիւններու միացեալ ծրագիրը ամբողջովին ձախողած է Իրանը ոչ հիւլէական կարգավիճակի հասցնելու ճամբուն վրայ: Ատիկա միայն կը ձգձգէ հիւլէական երկիր դառնալու Իրանի նպատակը», ըսած է ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը:

Թիլըրսըն նաեւ Իրանը մեղադրած է ահաբեկչութեան հովանաւորութեան ամբաստանութեամբ: Ըստ անոր, Իրանը ահաբեկչական գործունէութիւն ծաւալելու հարցին մէջ ամէն ձեւով կ՛օգնէ դրացի երկիրներուն:

Թրամփ Յանձնարարած Է Ուսումնասիրել
Իրանի Դէմ Պատժամիջոցներու Ջնջման Որոշումը

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդած էր, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յանձնարարած է ուսումնասիրել, թէ արդեօք Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ համաձայնութեան ծիրին մէջ Թեհրանի դէմ պատժամիջոցներու մասնակի ջնջումը համապատասխա՞ն է Միացեալ Նահանգներու շահերուն:

«Նախագահ Տանըլտ Թրամփ հրահանգած է Գործողութիւններու միացեալ համապարփակ ծրագիրը ուսումնասիրել. այդ ուսումնասիրութեան պիտի մասնակցին Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի ղեկավարութեան տակ գտնուող տարբեր կառոյցներ: Ուսումնասիրութիւնը պիտի գնահատէ, թէ արդեօք Իրանի դէմ պատժամիջոցներու դադրեցումը կենսական նշանակութիւն ունի՞ Միացեալ Նահանգներու ազգային շահերուն համար», նշուած է Թիլըրսընի յայտարարութեան մէջ:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Փոլ Ռայընին ուղղուած նամակին մէջ կը հաստատէ, որ 18 ապրիլի դրութեամբ Իրան կը կատարէ իր պարտաւորութիւնները` պայմանաւորուածութիւններուն համաձայն:

«Այսուհանդերձ, արտաքին գործոց նախարարը մտահոգութիւն յայտնած է Իրանի` իբրեւ ահաբեկչութիւնը հովանաւորող պետութիւն դերին վերաբերեալ, եւ Քոնկրեսին տեղեկացուցած է պատժամիջոցներու հետագայ դադրեցման ազգային անվտանգութեան շահերուն համապատասխանութեան վերաբերող գնահատականին ուղղութեամբ տարուող աշխատանքին վերաբերեալ», կը նշուի արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:

Յիշեցնենք, որ Իրանի եւ «5+1»-ի (Միացեալ Նահանգներ, Ռուսիա, Բրիտանիա, Չինաստան, Ֆրանսա+Գերմանիա) միջեւ պատմական համաձայնագիրը կնքուած էր 14 յուլիս 2015-ին:

 

 

Նախորդը

Ահաբեկչական Յարձակում` Փարիզի Շանզելիզէ Թաղամասին Մէջ

Յաջորդը

Ռուսիա, Թուրքիա Եւ Իրան Քննարկած Են Սուրիոյ Մէջ Զինադադարի Եւ Գերիներու Փոխանակման Հարցերը

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.