«Պիել»-ի մէջ տեղի ունեցած յատուկ երեկոյի մը ընթացքին «Էյ. Էն. Պի.» մոթորսայքլինկի ակումբը տօնեց իր հիմնադրութեան 5-րդ տարեդարձը` ներկայութեամբ բազմաթիւ մոթորսիքլեթ քշողներու, որոնք տարբեր տեսակի մրցաշարքերու ընթացքին` Լիբանանի մէջ թէ անկէ դուրս, տիտղոսներու եւ մրցանակներու տիրացած էին:
Երեկոյին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ 2017-ի Տաքարի ախոյեան Սեմ Սանտըրլենտ:
Այս առիթով ցուցադրուեցան 10 տարբեր տեսակի մոթորսիքլեթներ, որոնք այս տարեշրջանին շուկայ պիտի իջնեն:
«Էյ. Էն. Պուխաթեր» ընկերութեան տնօրէն Անթոնի Պուխաթեր շնորհաւորելով բոլորը անոնց մաղթեց նորանոր յաջողութիւններ:



