Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՏԵՍԱԿԷՏ. ԻՐԱՆԵԱ՞Ն, ԹԷ՞ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԾՐԱԳԻՐ

October 18, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներու ընդհանուր դատախազը անցեալ շաբաթ յայտարարեց, որ Ուաշինկթընի մէջ Իսրայէլի եւ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատուներուն դէմ յարձակումի իրանեան ծրագիր մը բացայայտուած է: Սակայն շուտով իրանեան ծրագիրին իսրայէլեան մասը վերցուեցաւ շրջանառութենէ եւ այժմ կը խօսուի միայն Սէուտական Արաբիոյ դեսպանին դէմ ծրագրուած մահափորձի մը մասին: Իսրայէլեան թիրախի մը դէմ յարձակումը արաբական աշխարհին մէջ կրնայ համակրանք ստեղծել կամ լաւագոյն պարագային այդտեղ անտարբերութեամբ ընկալուիլ, ինչ որ իրադարձութեան ստեղծման կամ շահագործման նպատակին չի ծառայեր, իսկ սէուտական թիրախի մը դէմ ծրագրուած յարձակումը Միջին Արեւելքի մէջ սիւննի-շիի լարուածութիւն հրահրելու եւ Իրանի նկատմամբ Ռիատի մտահոգութիւնները ամրապնդելով` զայն Ուաշինկթընի հետ համագործակցելու առաւել պատրաստակամ դարձնելու ազդակ մըն է:

Իրանեան ծրագիրի հրապարակումն ու շեփորահարումը նաեւ փորձ մըն է 11 սեպտեմբեր 2001-ի ցնցումը ապրած եւ ամերիկեան շարք մը քաղաքներու մէջ ընկերային անարդարութեան դէմ բողոքի ցոյցերուն մասնակից ամերիկացի քաղաքացիներուն ուշադրութիւնը շեղելու. այլ խօսքով` իսկական կամ շինծու արտաքին սպառնալիքի մը ճամբով ներքին հարցերէն խուսափելու քաղաքականութեան մէկ արտայայտութիւնը:

Իրանեան դաւի մասին տեղեկատուութիւնը կը յիշեցնէ Իրաքի մէջ քիմիական եւ կենսաբանական զէնքերու գոյութեան այն վարկածը, որ թէեւ ի վերջոյ ի յայտ եկաւ, թէ կեղծ էր, սակայն մինչ այդ անոր հիմամբ քանդուեցաւ երկիր մը, ուր այնքան արիւն հոսեցաւ եւ տակաւին այնքան կեանքի կորուստ կ՛արձանագրուի, որ զոհերը դադրած են իբրեւ մարդկային էակ ընկալուելէ եւ վերածուած` վիճակագրութեան. հնարք մը, որ արձանագրուած եւ արձանագրուող ողբերգութիւնն ու անոր տարողութիւնը ծածկելու կը ծառայէ: Իրաքեան այդ փորձառութենէն մեկնելով էր, որ «Ֆայնենշըլ Թայմզ»ի եւ «Ինտիփենտընթ»ի նման հեղինակաւոր օրաթերթեր կասկածի տակ առին «իրանեան դաւ»ի մը ամերիկեան տեղեկութիւնը: Ի վերջոյ «որոշ ժամանակ կարելի է յիմարացնել մարդիկը, մշտապէս կարելի է յիմարացնել որոշ մարդիկ, սակայն յիմարացնել բոլորը եւ մշտապէս` անկարելի է»:

Այժմ ամերիկեան վարչակազմը կը գտնուի ստախօս Միհրանի կացութեան մատնուելու վտանգին առջեւ: Թեհրան թերեւս այս իրողութեան քաջ գիտակցելով կամ ժամանակ շահելու փորձով մը դիմեց իմաստուն քայլի մը` Ուաշինկթընին փոխանցեց այս հարցով ամբաստանութիւնները քննարկելու իր պատրաստակամութիւնը, ինչպէս նաեւ այդ մէկը կատարելու համար թղթածրարին շուրջ պէտք եղած տեղեկութիւնները պահանջեց: Ուաշինկթընի պատասխանը վստահաբար պիտի չուշանայ: Այդ պատասխանն ու հետագայ զարգացումները ցուցանիշներ պիտի պարունակեն, թէ շրջանառութեան մէջ դրուած լուրը իրանեա՞ն ծրագիրի մը կը վերաբերի, թէ՞ ամերիկեան: Մինչ այդ, պէտք է այս հարցին վերապահութեամբ մօտենալ:

 


Նախորդը

ԹԵՀՐԱՆ ՊԱՏՐԱՍՏԱԿԱՄՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԱՐԱԲԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԻՆ ԴԷՄ ՄԱՀԱՓՈՐՁԻ ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՔՆՆԱՐԿԵԼՈՒ

Յաջորդը

ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ. ԾԱՆԻ՛Ր ԶՔԵԶ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.