Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ 1-0 Արդիւնքով Գերազանցեց Շանվիլը` 25 Կէտի Առաւելութեամբ Հանգիստ Յաղթանակ Մը Արձանագրելով (84-59)

April 19, 2017
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երկուշաբթի, 17 ապրիլին սկսան Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ էյթ»-ի մրցումները, երբ կատարուեցան երկու ճակատումներ:

ՀՄԸՄ, որ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Շանվիլը` 25 կէտի առաւելութեամբ 84-59 արդիւնքով հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեց (20-15, 40-26, 64-41 եւ 84-59):

Մրցումին տեւողութեան ՀՄԸՄ ունեցաւ նաեւ 26 կէտի առաւելութիւն մը (82-56):

ՀՄԸՄ-ի եւ մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ֆետի Խաթիթ (25 կէտ, ներառեալ` 3 թրի փոյնթ), ապա յաջորդաբար` Նետիմ Սուէյտ (11 կէտ, ներառեալ` 3 թրի փոյնթ), Էլի Շամուն (11 կէտ, ներառեալ` 3 թրի փոյնթ), Աթեր Մաճոք (10 կէտ, 12 ռիպաունտ), Քեւին Կալոուէյ (9 կէտ, 6 ռիպաունտ, 7 էսիսթ), Տուայն Ճեքսըն (7 կէտ, 9 ռիպաունտ, 3 էսիսթ, 3 սթիլ), Նետիմ Հաուի (6 կէտ, 3 ռիպաունտ) եւ Քարամ Մըշրեֆ (5 կէտ, 3 ռիպաունտ):

Շանվիլէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Պրենտըն Թոմաս (15):

ՀՄԸՄ 27 թրի փոյնթերէն 11-ը հասցուց իր նպատակին, մինչ Շանվիլ` 20-էն 2-ը:

ՀՄԸՄ ձեռք ձգեց 48 ռիպաունտ` փոխան 39-ի, ՀՄԸՄ-ի էսիսթները եղան 21` փոխան 13-ի, իսկ թըրնօվըրները 6` փոխան 11-ի:

Նշենք, որ երկու կազմերը իրենց երկրորդ մրցումը կը կատարեն ուրբաթ, 21 ապրիլին, երեկոյեան ժամը 17:30-ին, Տիք Մըհտիի մէջ:

Շանվիլի դէմ տեղի ունեցած այս առաջին մրցումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Միացեալ Նահանգներէն եկած Հերի Նաճարեան, որ ՀՄԸՄ-ի ընտանիքին նեցուկ կանգնողներէն մէկն է:

Այլ մրցումի մը ընթացքին, Մութթահետ իր կարգին 1-0 արդիւնքով գերազանցեց Լուէյզին` իր դաշտին վրայ 70-60 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով (16-21, 27-37, 52-51 եւ 70-60):

Մութթահետէն Տուարիք Սփենսըր նշանակեց 21 կէտ (ներառեալ` 5 թրի փոյնթ), մինչ Լուէյզիէն Կերոն Ճոնսըն` 16 կէտ:

Երկու կազմերը իրարու դէմ կու գան վաղը` հինգշաբթի, երեկոյեան ժամը 20:30-ին, Լուէյզիի դաշտին վրայ:

Երէկ գիշեր տեղի ունեցած երկու մրցումներուն ընթացքին, Ռիատի եւ Պիպլոս իրենց դաշտերուն վրայ յաղթանակներ արձանագրեցին` յաջորդաբար պարտութեան մատնելով Սաժեսը (77-65) եւ Թատամոնը (90-88):

Պէտք է ըսել, որ Սաժես բաւական տպաւորիչ ելոյթ մը ունեցաւ երէկուան այս մրցումին:

Նախորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Շեպիպէ Շիահ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս` 45-91

Յաջորդը

RelatedPosts

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ,  Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին
Մարզական

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ, Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին

October 28, 2026
Վարդան Մինասեան  Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն
Մարզական

Վարդան Մինասեան Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն

October 28, 2026
Ըմբշամարտ.  Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք
Մարզական

Ըմբշամարտ. Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.