Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԵՆՔ ԵՆՔ, ՄԵՐ ՑԱՒԵՐԸ. ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆ + ԱՊԱԳԱՅ = Ի՞ՆՉ…

October 18, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊԱՐՈՅՐ ԱՂՊԱՇԵԱՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 20-րդ տարեդարձը, արդարօրէ՛ն, խանդավառեց համայն հայութիւնը, որուն ականատես եւ ականջալուր դարձանք բոլորս  անխտիր, Հայաստանէն մինչեւ հեռաւոր թէ մօտաւոր հայագաղութները:

Անկախաբար տօնախմբութիւններէն, որոնք յաւելեալ փայլք ու հմայք տուին անկախութեան նշումին, պաշտօնական թէ ղեկավարական, եկեղեցական թէ կուսակցական, համայնքային թէ գաղութային, ճառային թէ բեմային ելոյթներէն, առաւել` գրաւոր խօսքերէն, գրութիւններէն թէ հրապարակագրութիւններէն, խիստ հետաքրքրական պիտի չըլլա՞ր խորհրդածել տիրող մտահոգիչ կարգ մը երեւոյթներու մասին:

Աւելի դիպուկ` վերոյիշեալ բոլոր գործունէութիւններու, կատարումներու կամ  անդրադարձումներու ընթացքին, անկախութեան շեփորահարումներէն անդին, ի՞նչ ըսուեցաւ կամ գրուեցաւ այն տխուր երեւոյթներուն մասին, որոնք այսօր անկախ Հայաստանը կը տկարացնեն, կ՛այլափոխեն, կ՛աղաւաղեն ու… կը ցնցեն:

Դժբախտաբար, պետական աւագանիէն մինչեւ սփիւռքահայութեան մեծ մասը, տեղ մը գիտակցաբար, ուրիշ տեղ մը անգիտակցաբար, խօսեցան ու ճառեցին միայն վարդագոյն երեսներէն, գերազանցապէս, ինչպէս միշտ, թաթաւուն ու թրթռուն զգացական զեղումներով, մոռնալով, որ այդ «լար»երով չէ, որ անկախութիւն կը պահուի կամ կը զօրացուի, իսկ այդ տրամաբանութեամբ ապագայի մասին խօսիլն իսկ… ցնորք է:

Եթէ ճառախօսային մասերը տօնակատարութեանց չէին կրնար ընդգրկել նման թւումներ, կամ ճառախօսները կը խուսափէին այդ մասին անդրադառնալէ, այս կամ այն պատճառներով, ապա ի՞նչ բանը կ՛արգիլէր, Հայաստանի թէ սփիւռքի մէջ, անկախութեան գործընթացը փառաբանելուն զուգահեռ, համարձակութիւնը ունենալու «սեւով-ճերմակի վրայ» արձանագրելու նաեւ այն խոցելի իրականութիւնները, որոնք 20-ամեայ անկախ Հայաստանին գոյերթը կը ստուերեն (զայն առաջնորդելով դէպի… ո՞ր ապագան):

Հայ ժողովուրդը, իր դարաւոր պատմութեան ընթացքին, շատ յաճախ առանց անկախութեան ու պետականութեան, միշտ հեռու մնացած է դիւրաբեկ հայրենասիրական քարոզներէ ու խրատներէ, այլ որդեգրած է հաստատուն ու կարծր վարքագիծ մը` պարզապէս իր գոյութիւնը պահելու տեսլապաշտութեամբ:

Մեր դատումով, Հայաստանի անկախութեան տարեդարձը համահայ սկզբունքի առումով պէտք է լուսարձակի տակ առնուի, համակողմանիօրէն զայն արժեւորելով, որոնցմէ ոչինչ կը կորսնցնէ Հայաստանի անկախութիւնը, իր… ապագայի հաշուոյն:

(Ի դէպ, հայ ժողովուրդը, որ սիրահարած է համահայկականութեան, իր խայտաբղէտ տնօրինումներով, այդ վայրի՞ն մէջ կը յաւակնի փնտռել (եւ գտնե՞լ) իր հայրենասիրական երազանքներուն եւ իրագործումներուն դղեակները, մինչդեռ, անկախութեան հզօրութեամբ եւ արդիւնաբերութեամբ, անիկա պէտք է դառնայ գործնական ու շօշափելի փարոսը ապագայականութեան):

Սակայն անկախութեան տարեդարձը անհրաժեշտ է, որ դառնայ «հաշուեքննութեան» եւ «հաշուեպահանջութեան» մեկնարկային հանգրուան մը, ուր հանրագումարի կը բերուին երկրին նուաճումները` զանոնք աստիճանաբար աւելի զարգացնելով, բայց ամէնէն աւելի ընդգծելով թերացումները` զանոնք հետզհետէ աւելի նուազեցնելով:

Գաղտնիք չէ, որ պետական այրերը պիտի գովաբանեն իրենց իշխանութեան շրջանին կատարուած ձեռքբերումները (միշտ ապագայական ծրագիրներով` նախագահական, խորհրդարանական, կառավարական), բայց ընդունելի չէ, որ քաղաքական կազմակերպութիւններ, հասարակական գործիչներ, մտաւորականութիւն, մամուլ եւ այլն, մնան նոյն անբաղձալի հորիզոնականին վրայ` ունենալով տափակ ու ճոռոմ դերակատարութիւններ եւ կամ` որդեգրելով յարմարողական ու կրաւորական դիրքեր:

Եթէ ոմանք պիտի շարունակեն կաչաղակել, թէ իրենք կառչած կը մնան իրենց «աւանդական ուղեգիծ»ին, եկող-գացող իշխանութեան ըսելով` «այո», ծիծաղելիօրէն հաւկոյր ձեւանալով տիրող ահաւոր ու քանդիչ սովորութիւններէն (փտածութիւն, կաշառակերութիւն, անարդարութիւն, անվստահութիւն, աղանդաւորականութիւն, արտահոսութիւն, իրաւազրկութիւն, գործազրկութիւն, «մաֆիոզ»ականութիւն ու մասամբ նորինք), ուրիշներ հաճոյախօսութեան, ստրկամտութեան, խնկարկութեան ու խնդրարկութեան խաչմերուկներուն վրայ պիտի դեգերին, ալ ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլայ Հայաստանի անկախութիւն պահել, կեցութիւն երաշխաւորել ու վերադարձ ապահովել:

Ցաւ ի սիրտ, մենք չտեսանք լրջամիտ ու նախանձախնդիր մօտեցում, քննարկում կամ դիտարկում անկախութեան նուիրուած ելոյթներուն եւ արձագանգներուն մէջ, ատոնք ըլլային ամպիոններէն, բայց մանաւանդ` մամուլէն (բացի խիստ հազուադէպ պարագաներէ):

(Ուղղակի շանթահարիչ չէ՞, երբ Հայաստանի վարչապետը արտագաղթի երեւոյթին մէջ կը տեսնէ… դրականութիւն (որովհետեւ շարժո՞ւմ կը յառաջացնէ, հասո՞յթ կը բերէ, ազատութի՞ւն կը պարգեւէ), իսկ Իրանի թեմի առաջնորդը «կը գուժէ»` «զայն պէտք չէ ահազանգի վերածել» մինչ Արամ Ա. կաթողիկոս կը շարունակէ ուժգնապէս դատապարտել զայն):

Նախագահ Սերժ Սարգսեան անկախութեան տօնին առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ կ՛ըսէ. «Սա նոր Հայաստանն է, որ տեսած է շատ բան, բայց հայեացքը ուղղած է ապագային»:

Ճիշդ է ըսուածը, սակայն, երբ ներկայի անհարթութիւններով եւ ապագայի անորոշութեամբ կը խորաչափենք այս միտքը, գոնէ պահիկ մը, սարսռալու արհաւիրքի առջեւ չե՞նք գտներ մենք զմեզ` ըլլայ պետութիւն, եկեղեցի թէ առ հասարակ հայութիւն:

Եթէ ոմանց համար անկախութեան տարեդարձը միայն տօնախմբումի, զօրահանդէսի, գեղեցիկ խօսքերու, կերուխումի օրեր են, շա՜տ կը սխալին, անիկա է՛ նաեւ ինքնաքննադատութեան, ինքնասրբագրութեան եւ ինքնավերանորոգութեան պատուանդան մը` պետականութեան հզօրացման ու հասարակութեան բարեկեցիկութեան պայծառ հեռանկարով:

Այլապէս, անկախութեան տարեդարձը կը մնայ օրային-օդային նշում, իսկ ապագայի հայեացքը դէպի… դուրս:


Պէյրութ,
3 հոկտեմբեր 2011

Նախորդը

ՄԵՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ` ՔՍԱՆ ՏԱՐԵԿԱՆ

Յաջորդը

«ԱՐՁԱՆ»ԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.