Լիբանանի ցամաքային սահմաններու եւ յատկապէս բանակայիններու զինավարժութեան գծով միացեալ ճիգերու ծիրին մէջ, բանակի ընդհանուր հրամանատար, զօրավար Ժոզէֆ Աուն երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապէթ Ռիչըրտի եւ Բրիտանիոյ դեսպան Հիւկօ Շորթըրի հետ` ներկայութեամբ զինուորական բարձրաստիճան պատասխանատուներու:
Այս առիթով բրիտանական դեսպանատունը հաղորդագրութեամբ մը յայտնեց, թէ դեսպան Շորթըր զօրավար Ժոզէֆ Աունի հետ վերանորոգած է 2013-ի կնքուած միացեալ յանձնառութիւնը, ըստ որուն, բրիտանական կողմը յանձն կ՛առնէ մինչեւ 2019 թուական մարզել լիբանանեան բանակի տասնմէկ հազար զինուորներ եւ ապահովել լիբանանեան – սուրիական սահմանը, միաժամանակ կառուցելով հետախուզական դիտարաններ եւ զինական սարքեր ու կազմածներ յանձնել:
Իր կարգին դեսպան Շորթըր հանդիպումի աւարտին իր գոհունակութիւնը յայտնեց խորհրդակցութեանց արդիւնքներէն` վերահաստատելով, որ Բրիտանիա յանձն կ՛առնէ մարզել լիբանանեան զինեալ ուժերէն տասնմէկ հազար զինուորներու մարզումը ներքին ապահովութեան գործողութիւններու համար եւ չորս հազար զինուոր` ցամաքային սահմաններու ապահովութեան գործողութիւններու համար:
«Մեր այս առաջին հանդիպումին զօրավար Աունի հետ քննեցինք այս ծրագիրի ցարդ արձանագրած սքանչելի յառաջդիմութիւնը: Ներկայիս սահմաններու աւելի քան եօթանասուն առ հարիւր տարածքը ապահով դարձած է», ընդգծեց բրիտանացի դեսպանը` բարձր գնահատելով լիբանանեան բանակի գործելաոճը եւ խոստացաւ շարունակել զօրավիգ կանգնիլ լիբանանեան բանակին:
Նաեւ` Ֆրանսական Զօրակցութիւն
Միւս կողմէ Լիբանանի մօտ Ֆրանսայի դեսպանատունը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, թէ լիբանանեան ներքին ապահովութեան ուժերու 22 տարրեր զինավարժութիւններու մասնակցած են 3-էն 7 ապրիլ 2017-ին: «Հետախուզութեան, զօրակցութեան, միջամտութեան եւ զսպումի» Ֆրանսայի ազգային ոստիկանութեան մասնայատուկ բարձրագոյն ջոկատի երկու փորձագէտներու հսկողութեամբ կատարուած զինավարժութեանց աւարտին, մասնակիցները ստացած են համապատասխան վկայագիր



