Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փայլան Հետաքրքրուած Է Թուքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Արխիւի Ճակատագիրով

April 7, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քրտամէտ ընդդիմադիր Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան հայ երեսփոխան Կարօ Փայլան Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուին ուղղուած գրաւոր հարցումով հետաքրքրուած է արտաքին գործոց նախարարութեան արխիւներու ճակատագիրով:

Ինչպէս կը փոխանցէ Ermenihaber-ը` յղում կատարելով Թուրքիոյ մէջ լոյս տեսնող հայկական «Ակօս» թերթի կայքին, Փայլան մասնաւորապէս ցանկացած է իմանալ, թէ ի՛նչ փուլի մէջ են արտաքին գործոց նախարարութեան արխիւներու թուայնացման աշխատանքները եւ արդեօք անոնց մէկ մասը վնասուած կամ ոչնչացուա՞ծ են:

Հայ երեսփոխանը նաեւ փորձած է պարզել, թէ արդեօք այդ արխիւներուն մէջ կա՞ն Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանը ընդգրկող (մինչեւ 1919-ը) փաստաթուղթեր, որոնք տեղ չեն գտած կառավարութեան օսմանեան արխիւին մէջ:

Անոր համաձայն, թէեւ կը նշուի, որ այդ արխիւը կը սկսի 1919-էն, որոշ պաշտօնեաներ կը յայտնեն, որ արխիւին մէջ կան նաեւ փաստաթուղթեր, որոնք կը վերաբերին մինչեւ 1919 հասնող ժամանակաշրջանին:

Փայլան յիշեցուցած է, որ արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ նախապէս կատարուած յայտարարութեան համաձայն, մինչեւ 2015 թուականը պէտք է  թուայնացուէր նախարարութեան պատկանող շուրջ 25 միլիոն փաստաթուղթ: Սակայն մինչեւ այսօր այդ աշխատանքները չեն աւարտած:

«Եթէ նոյնիսկ մէկ կողմ ձգենք այն, որ արխիւը նշանակուած ժամկէտին մէջ չէ բացուած, նաեւ տեղեկութիւններ կան, որ այդ արխիւի աշխատակիցներուն մէկ մասը հեռացուած է աշխատանքէ` կիւլենական ըլլալու մեղադրանքով: Իսկ այդ ընթացքին արխիւային փաստաթուղթերուն մէկ մասը ոչնչացուած է: Բացի ատկէ, լուրեր կան, որ արխիւին հետ կապուած աշխատանքները արդէն բաւական ժամանակէ ի վեր դադրեցուած են, իսկ շէնքը, ուր կը գտնուին փաստաթուղթերը, լեցուած է ջուրով, որուն պատճառով արխիւը մեծ վնասներ կրած է», ըսած է Փայլան:

 

Նախորդը

Գերմանական Իշխանութիւնները Լրտեսութեան Կասկածներով Կը Հարցաքննեն Թուրքիոյ 20 Քաղաքացիներ

Յաջորդը

Թուրքիոյ Մէջ Դատարանին Որոշումով Դադրեցուած Է Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ Պետականացման Հոլովոյթը

RelatedPosts

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
Մորաթինոս. «ՄԱԿ-ը Պատրաստ Է Աջակցելու  Հայ-Ազրպէյճանական Հաշտեցման Եւ Կրօնական  Յուշարձաններու Պաշտպանութեան»
Հայկական

Մորաթինոս. «ՄԱԿ-ը Պատրաստ Է Աջակցելու Հայ-Ազրպէյճանական Հաշտեցման Եւ Կրօնական Յուշարձաններու Պաշտպանութեան»

October 29, 2026
Պորտիուժա. «Հայաստանը  Պէտք Է Հեռացնել ՀԱՊԿ»-էն
Գլխաւոր լուրեր

Պորտիուժա. «Հայաստանը Պէտք Է Հեռացնել ՀԱՊԿ»-էն

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.