Սկովտիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 30-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին Սելթիք իր դաշտէն դուրս 5-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Հարթցի, 48-րդ անգամն ըլլալով հանդիսացաւ ախոյեան:
Նշենք, որ անիկա յաջորդաբար 6-րդ անգամն ըլլալով կը տիրանար ախոյեանութեան տիտղոսին:
Յաղթական կազմէն Սքոթ Սինքլեր հեթրիք մը իրագործեց:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, մարզիչ Պրենտըն Ռոճըրզի կազմը ունեցաւ 86 կէտ` 25 կէտով գերազանցելով Ապըրտինը, իսկ 35 կէտի առաւելութիւն մը ունենալով 3-րդ դիրքին վրայ գտնուող Ռէյնճըրզի վրայ:
Նշենք, որ 23 ապրիլին Սելթիք Սկովտիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ (կիսաւարտական) կը մրցի Ռէյնճըզրի դէմ:



