Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Բանակի Ծանօթացման Համար Հանդիպում Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճին Մէջ

April 4, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուրբաթ, 24 մարտ 2017-ին Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի երկրորդականի աշակերտութիւնը առիթ ունեցաւ մօտէն ծանօթանալու լիբանանեան բանակի ենթաբաժանումներուն եւ Սպայից վարժարանին:

Արդարեւ, տնօրէնութեան եւ «Լիբանանի  երիտասարդութիւնը դէպի հայրենասիրութիւն» կազմակերպութեան համագործակցութեամբ եւ Սպայից վարժարանէն Ա. տեղակալ Միշէլ Սերժիի, լիբանանեան բանակի ներկայացուցիչ գնդապետներ` Սաատի Ֆեթիքի եւ Էլի Տերեզիիու դերգնդապետ Փիեռ Ֆարահի ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ մը` քոլեճի սրահին մէջ:

Բանակի շեփորախումբի կողմէ Լիբանանի քայլերգի մեկնաբանութենէն ետք, աւարտական դասարանէն Պարգեւ Սաստունեան արաբերէնով բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ շեշտը դրաւ բանակի կարեւորութեան` ու անոր մասին տեղեկութիւն ունենալու անհրաժեշտութեան վրայ:

Ապա «Լիբանանի  երիտասարդութիւնը դէպի հայրենասիրութիւն» կազմակերպութեան անունով խօսք առաւ Կրազիէլլա Մթրան, որ կարեւոր նկատեց դպրոցի աշակերտներուն` բանակի մասին տեղեկութիւն տալու եւ ապագայի հայրենասէրը թրծելու անհրաժեշտութիւնը:

Օրուան դասախօսն էր Սպայից վարժարանէն Ա. տեղակալ Միշէլ Սերժի, որ տեսերիզի ընկերակցութեամբ լիբանանեան բանակին բոլոր ենթաբաժանումները ներկայացուց աշակերտներուն:

Դասախօսութենէն ետք դերգնդապետ  Փիեռ Ֆարահ պատասխանեց աշակերտներու հարցումներուն:

Ձեռնարկի աւարտին քոլեճի տնօրէն Զոհրապ Ղազարեան խօսք առնելով` շնորհակալութիւն յայտնեց լիբանանեան բանակի հրամանատարութեան եւ «Լիբանանի  երիտասարդութիւնը դէպի հայրենասիրութիւն» կազմակերպութեան` ձեռնարկի յաջողութեան համար իրենց ունեցած ներդրումին համար եւ քոլեճի անունով Ա. տեղակալ Միշէլ Սերժիին յանձնեց յուշանուէր մը:

Ապա քոլեճի ամբողջ աշակերտութիւնը հաւաքուեցաւ քոլեճի բակը, ուր լիբանանեան բանակի շեփորախումբը նուագեց հայրենասիրական եղանակներ:

Նախորդը

Ուսուցչաց Տօնը Հայ Աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան Վարժարանին Մէջ

Յաջորդը

Մոռցուած Կերպարուեստագէտներ. Արշակ Ֆեթվաճեան

RelatedPosts

Վերամուտը` Դասարանէն Անդին
Անդրադարձ

Վերամուտը` Դասարանէն Անդին

September 15, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Աւազակապետութիւնը` Լիբանանի Մէջ. Ջուրէն Մինչեւ Աղբ

September 15, 2026
Ապրուած Օրեր.  Բ. Մեծ Հօրս Մեծ Հին Ռատիոն
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. Բ. Մեծ Հօրս Մեծ Հին Ռատիոն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.