Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Մնաց Միակ Խումբը, Որ Իր Դաշտին Վրայ Պարտութիւն Չկրեց

April 3, 2017
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի երթի մրցումները աւարտեցան երէկ, երբ տեղի ունեցան երեք մրցումներ:

«Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտը ամբողջութեամբ լեցուցած իր հաւատարիմ համակիրներուն ներկայութեան, ՀՄԸՄ-ի տղոց խումբը արձանագրեց տարեշրջանի իր 20-րդ յաղթանակը (միայն մէկ պարտութեան կողքին), երբ 80-59 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Պիպլոսին (29-15, 42-29, 63-47 եւ 80-59):

Իր այս յաղթանակը արձանագրելով` ՀՄԸՄ մնաց միակ խումբը, որ իր դաշտին վրայ պարտութիւն չկրեց այս տարեշրջանին: ՀՄԸՄ արձանագրեց իր 11-րդ յաղթանակը «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի իր դաշտին վրայ:

Իր դաշտին վրայ պարտութիւն չէր կրած նաեւ Ռիատի, սակայն նախանցեալ օր անիկա պարտուեցաւ Մութթահետէն` 90-87 արդիւնքով:

Պիպլոսի դէմ տեղի ունեցած երէկուան այս մրցումին, ՀՄԸՄ դարձեալ յաջողեցաւ իր գերակայութիւնը պարտադրել եւ մրցումը աւարտել 21 կէտի առաւելութեամբ, մինչ մրցումին տեւողութեան կէտերու տարբերութիւնը յաջողեցաւ բարձրացնել նոյնիսկ մինչեւ 27-ի (76-49):

Սակայն նախորդ մրցումներուն նման, ՀՄԸՄ-ի մարզիչ Ճօ Մուժահես դարձեալ նախընտրեց իր հիմնական մարզիկները` առիթ տալով պահեստի իր մարզիկներուն, որպէսզի անոնք եւս դաշտ ներկայանալով յաւելեալ փորձառութիւն ձեռք ձգեն:

ՀՄԸՄ-էն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ֆատի Խաթիպ (23 կէտ եւ 5 ռիպաունտ), ապա` Տուայն Ճեքսըն (20 կէտ, 2 ռիպաունտ, 3 սթիլ), Աթեր Մաճոք (10 կէտ, 19 ռիպաունտ, 4 էսիսթ, 3 սթիլ, 3 պլոք շաթ), Նետիմ Սուէյտ (6 կէտ, 3 ռիպաունտ), Էլի Շամուն (6 կէտ), Հայկ Կէօքճեան (5 կէտ, 5 ռիպաունտ, 2 էսիսթ, 2 պլոք շաթ), Նետիմ Հաուի (4 կէտ, 3 ռիպաունտ), Սեւակ Քեթենճեան (4 կէտ, 1 ռիպաունտ, 1 սթիլ, 1 էսիսթ) եւ Քարամ Մըշրեֆ (2 կէտ, 5 ռիպաունտ):

Թէեւ ՀՄԸՄ թրի փոյնթերով այդքան չբախտաւորուեցաւ (24-էն 4-ը) բայց խմբային խաղաոճի արդիւնքը պատճառ դարձաւ, որ ՀՄԸՄ տիրական ներկայութիւն մը ըլլայ:

Պիպլոսէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ալի Թրաորէ (13), ապա` Քլէյ Թաքըր (11):

Թատամոն կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ 92-76 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Շանվիլի Տիք Մըհտիի դաշտէն:

Շանվիլէն Փաթրիք Ռեմպըրթ նշանակեց 33 կէտ, մինչ Թատամոնէն Մորիս Քեմփ` 28 կէտ:

Այլ մրցումի մը, Լուէյզի 79-70 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Սաժեսին: Ուենտըլ Լուիս նշանակեց 22 կէտ, մինչ Լուէյզիի անոր խմբակից Կերոն Ճոնսըն` 20 կէտ:

Սաժեսէն Քալվին Կատֆրի նշանակեց 23 կէտ, իսկ Մայք Էֆիպրա` 22 կէտ:

Իսկ ինչ կը վերաբերի շաբաթ օր տեղի ունեցած մրցումին, Մութթահետ յաջողեցաւ հանդիսանալ միակ խումբը, որ Մանարայի մէջ յաղթեց դաշտին տիրոջ` Ռիատիի, 90-87 արդիւնքով, բաւական հետաքրքրական եւ տաք ճակատումէ մը ետք:

Ռիատիէն Ալի Հայտար նշանակեց 27 կէտ, իսկ Մութթահետէն Մելվին Քլիվլենտ` 25 կէտ:

Այսօր` երկուշաբթի, 3 ապրիլին, որեւէ մրցում տեղի պիտի չունենայ:

Դարձի մրցումները կը սկսին վաղը:

Ստորեւ` Բ. հանգրուանի դարձի մրցումներուն յայտագիրը.

Ա. ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ

ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ, 4 ԱՊՐԻԼ ԺԱՄ ԴԱՇՏ
Թատամոն – Ռիատի 20:30 Նուհատ Նաուֆալ
Շանվիլ – Մութթահետ 21:30 Տըք Մըհտի
ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ, 5 ԱՊՐԻԼ.    
Սաժես – ՀՄԸՄ 20:30 Ղազիր
Լուէյզի – Պիպլոս 20:30 Սանթրալ

Բ. ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ

ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, 6 ԱՊՐԻԼ.    
Մութթահետ – Թատամոն 20:30 Սաֆատի
Ռիատի – Շանվիլ 21:30 Մանարա
ՈՒՐԲԱԹ, 7 ԱՊՐԻԼ.    
ՀՄԸՄ – Լուէյզի 17:30 Աղբալեան
Պիպլոս – Սաժես 17:30 Ժիպէյլ

Գ. ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ

ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ, 11 ԱՊՐԻԼ.    
Սաժես – Լուէյզի 21:30 Ղազիր
Պիպլոս – ՀՄԸՄ 21:30 Ժիպէյլ
ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, 13 ԱՊՐԻԼ.    
Մութթահետ – Ռիատի 21:30 Սաֆատի
Թատամոն – Շանվիլ                                   21:30 21:30 Նուհատ Նաուֆալ
Նախորդը

Երիտասարդներու Վազքը Տեղի Ունեցաւ Մեծ Հետաքրքրութեամբ

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

«Էմ. Էմ. Էյ.»  Սպարտակ Միքայէլեանի 4-րդ Յաջորդական Յաղթանակը
Մարզական

«Էմ. Էմ. Էյ.» Սպարտակ Միքայէլեանի 4-րդ Յաջորդական Յաղթանակը

October 29, 2026
Թենիս.  Առնօ Աւետիսեան` Պրոնզէ Մետալակիր
Մարզական

Թենիս. Առնօ Աւետիսեան` Պրոնզէ Մետալակիր

October 29, 2026
Ալվարես Վերջապէս Որոշեց… Մնալ  Աթլեթիքօ Մատրիտի Մէջ
Մարզական

Ալվարես Վերջապէս Որոշեց… Մնալ Աթլեթիքօ Մատրիտի Մէջ

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.