ՖԻՖԱ-ին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ 2026-ի մոնտիալին Եւրոպայի ցամաքամասին պիտի տրամադրուին 16 տոմսեր:
Ինչպէս ծանօթ է, 10 յունուար 2017-ին ՖԻՖԱ-ն որոշում տուաւ, որ 2026-ի մոնտիալին մասնակցող խումբերուն թիւը պիտի բարձրանայ 48-ի:
Սակայն 48 խումբերու մասնակցութեամբ տեղի ունենալիք այդ մոնտիալին առնչութեամբ վերջնական որոշում պիտի տրուի 9 մայիսին:



