Գերմանիոյ ախոյեան Պայէրն Միւնիխ յայտարարեց, որ Չինաստանի մէջ ֆութպոլի դպրոց մը բացած է:
Երկու կողմերուն միջեւ համագործակցութեան նպատակը պիտի ըլլայ զարգացնել չին մարզիչներուն եւ մարզիկներուն մարզական կրթութիւնը եւ ամրապնդել մրցումներու ընթացքին անոնց վերահսկողութիւնը` մնայուն ներկայութեամբ գերմանական ակումբին կողմէ տրամադրուած փորձառու մարզիչներու:
Պայէրն Միւնիխի մամլոյ քարտուղարութիւնը աւելցուց, որ յառաջիկայ տարիներուն ընթացքին աւելի լայն հեռանկարներ եւ տեսլականներ կան երկկողմանի համագործակցութեան առումով:



