«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Հոլանտայի ֆութպոլի ֆետերասիոնը կը բանակցի հոլանտացի մարզիչ Լուիս Վան Կաալի հետ:
Հոլանտայի ֆութպոլի ազգային խումբը այժմ առանց մարզիչի է` Տենի Պլինտի պաշտօնանկ ըլլալէն ետք:
Ըստ հոլանտական մամուլին, 65 տարեկան Վան Կաալի ազգային խումբ վերադարձը կը նկատուի հաւանական, թէեւ այս ուղղութեամբ ցարդ պաշտօնապէս ոչինչ կը յայտարարուի:



