Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լրագրող-Հրապարակախօս Միքայէլ Հաջեան Այցելեց Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» Կեդրոն

April 1, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուրբաթ, 31 մարտ 2017-ի կէսօրէ ետք  ժամը 4:00-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոն այցելեց ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին նահատակուած հերոսներու օրուան առիթով Լիբանան գտնուող  նահատակ Նորայր Հաջեանի հայրը` լրագրող-հրապարակախօս Միքայէլ Հաջեան:

Ան դիմաւորուեցաւ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան, տնօրէնութեան եւ ուսուցիչներուն կողմէ: Մտերմիկ զրոյցի մը ընթացքին Հաջեան ծանօթացաւ կեդրոնին գործունէութեան: Երաժշտանոցի դասարանները այցելելէ ետք, ներկաները հասան Գէորգ Գանտահարեանի անուան սրահը, ուր «Կարկաչ» երգչախումբի անդամները պատրաստ էին իրենց փորձը սկսելու Զաքար Քէշիշեանի  ղեկավարութեամբ: Խօսքերու փոխանակումէն ետք, կարկաչականները ներկայացուցին երգ մը, որմէ ետք փոքրերուն խանդավառութենէն ոգեւորուած, Հաջեան ուղղեց սրտի խօսք մը` վեր առնելով երգի ուժը թէ՛ ազգային եւ թէ՛ ինքնութեան պահպանման դիտանկիւնէն:

Ան նաեւ այցելեց «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցը, ուր ծանօթացաւ աշակերտներուն գործերուն եւ բարձր գնահատեց զանոնք, ապա Հաջեան բարձրացաւ «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահ, ուր բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէն Յակոբ Հանտեան, որ ներկայացուց «Լեւոն Շանթ» կեդրոնը` գեղարուեստի չորս դպրոցներով, անդրադարձ կատարելով տարուած աշխատանքին, մանաւանդ սփիւռքեան դժուարին պայմաններուն:

Ան բեմ հրաւիրեց տուտուկի ուսուցիչ Յակոբ Քելուկեանը, որ իր գեղեցիկ կատարումով հմայեց ներկաները, որմէ ետք ելոյթ ունեցան ջութակի աւարտական դասարանի աշակերտուհիներէն Նարօտ Սուրճեան եւ Նարօտ Ադամեան, դաշնակի ընկերակցութեամբ Սիրվարդ Պոյաճեան-Սապունճեանի:

Ապա Հանտեան բեմ հրաւիրեց Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Պետիկ Ծառուկեանը` օրուան հիւրին փոխանցելու համար Շրջանային վարչութեան կողմէ յատուկ այս այցելութեան առիթով պատրաստուած յուշանուէր մը: Միքայէլ Հաջեան ուղղեց իր սրտի խօսքը` շեշտելով, որ երգը ազդու զէնքերէն մէկն է ինքնապաշտպանութեան համար, ինչպէս ընդհանրապէս մշակոյթը իր բոլոր մարզերով: Ան յիշեց, թէ ինչպէ՛ս անցեալ տարուան քառօրեայ պատերազմին, առաջնագիծ ուղղուող առաջին խումբին բոլոր տղաքը կ՛երգէին եւ հոգեպէս կը լիցքաւորուէին: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանան այցելութեան իրեն ուղղուած հրաւէրին եւ տեղի ունեցած ձեռնարկներուն ու նախաձեռնութիւններուն համար:

Աւարտին Համազգայինի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Պետիկ Ծառուկեան անգամ մը եւս բարի գալուստ մաղթեց անոր եւ յոյս յայտնեց, որ յառաջիկային ստեղծուին հանդիպման աւելի լաւ առիթներ:

 

 

 

Նախորդը

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութիւնը Ստանձնեց Նապաայի Յատուկ Ուսումնասիրութիւն-Ռազմավարութիւն Մը

Յաջորդը

ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ-Սերգէյ» Պատանեկան Միութիւն. Քառօրեայ Պատերազմին Նուիրուած Ձեռնարկ` «Եղի՛ր Աւելի Ուժեղ, Արթուն Եւ Պատրաստ» Բնաբանով

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.