Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ներկայ Վտանգաւոր Փուլը Կ՛ենթադրէ Կասեցնել Եղբայրական Պատերազմը Եւ Երկխօսութեան Նախաձեռնել» Շեշտեց Նախագահ Աուն

March 30, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն` ընկերակցութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի, երէկ Յորդանանի մէջ իր մասնակցութիւնը բերաւ Արաբական 28-րդ վեհաժողովին, որուն ընթացքին ան արտասանեց Լիբանանի խօսքը:

Նախագահ Աուն յայտնեց, որ վեհաժողովին նպատակն է քննարկել արաբական աշխարհը եւ անոր շրջակայքը յուզող հարցերը` վերջ տալով արաբական երկիրներուն կրած ծանր ու հսկայ կորուստներուն:

«Կը մաղթէի, որ խաղաղ պայմաններու մէջ կայանար այս վեհաժողովը եւ մենք այլ օրակարգերով ու նիւթերով իրարու հանդիպէինք, սակայն պայթումները աւելի բարձր կը հնչեն, իսկ ոճիրները մեր կեանքը կը գերակշռեն, եւ մեր երկինքը կը մնայ ամպամած: Եթէ հարցեր տանք, թէ ո՞վ յաղթական եւ ո՞վ պարտուած դուրս եկած է այս իրավիճակէն, ապա պիտի տեսնենք, որ բոլորս ալ յաղթուած ենք, եւ բոլորը սոված են: Այս առիթով կ՛ուզեմ հարց տալ, թէ մենք ինչի՞ համար կը պատերազմինք. արդեօք Երուսաղէմը ազատագրելո՞ւ, որպէսզի ապահովենք պաղեստինցի գաղթականներուն տունդարձը: Այլ հարցում մը պիտի ըլլայ նաեւ այն, որ մենք մեր յաղթանակները ի՞նչ էջի վրայ պիտի արձանագրենք», ըսաւ նախագահ Աուն:

Ան հարց տուաւ, թէ արդեօք իբրեւ ղեկավարներ իրենք պատասխան մը պիտի ունենան այն երեխաներուն, որոնք իրենց ծնողները կորսնցուցին, կամ այն ծնողներուն, որոնք իրենց երեխաները կորսնցուցին:

«Մեր շրջանը հարուածող այս փոթորիկը հարուածած է բոլորը, եւ անոր բեկորները հասած են նաեւ Արաբական լիկային, զայն ծանրօրէն վիրաւորած եւ դարձուցած լուծումներ գտնելու անկարող կառոյց մը:

Մենք բոլորս մաս կը կազմենք այս իրականութեան եւ չենք կրնար սպասել արտաքին լուծումներու: Մեր նախնիները Արաբական լիկան հիմնեցին ամրապնդելու համար մեր անկախութիւնը, ամրապնդելու համար տարբեր երկիրներուն միջեւ կապերը, ինչպէս նաեւ հաստատելու համար քաղաքական ծրագիրներն ու անձեռնմխելի դարձնելու արաբական պետութիւններուն գերիշխանութիւնը: Արաբական լիկայի ուխտին 5-րդ յօդուածը կը շեշտէ, որ արաբական որեւէ երկրի դէմ ուժ կիրարկելու յանձնառու պէտք չէ ըլլալ, այլ բաւարարուիլ իրաւարարի դերակատարութեամբ», ընդգծեց նախագահ Աուն:

Ան շեշտեց, որ դատապարտագիրները անբաւարար են` նշելով, որ Արաբական լիկան` մեկնելով իր ուխտին սկզբունքներէն եւ պահպանելով իր անկախութիւնն ու գերիշխանութիւնը, պէտք է վերստանձնէ իր դերակատարութիւնն ու կատարէ իր պարտականութիւնները: «Արաբական լիկան պէտք է առաջադրէ նախաձեռնութիւններ, որոնք դէպքերուն ընթացքը կարենան փոխել: Անոր դերակատարութիւնը այսօր արաբական միասնականութեան հաստատումն է, ինչպէս նաեւ արաբական աշխարհը ամրապնդելու լուծումներ գտնելու առաքելութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ գոյատեւել ներկայ փուլը բնորոշող բոլոր դժուարութիւններով հանդերձ», ըսաւ ան:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ տակաւին դարմանումի ժամանակաշրջանին մէջ գտնուող Լիբանանը կասկածներ եւ անորոշութիւն կը դիմագրաւէ: «Լիբանան մտահոգ է եւ կը կրէ բազմաթիւ հետեւանքներ: Ան կը փորձէ օժանդակութեան ձեռք երկարել, սակայն երբ պահանջուածը կը գերազանցէ անոր կարողութիւնները, ապա բոլորը կ՛ընկղմին: Սուրիոյ տագնապին առաջին օրէն իսկ Լիբանան իր դռները բացաւ սուրիացի տեղահանուածներուն դիմաց: Մենք առաջին օրէն զգուշացուցինք կացութիւնը անհակակշռելի դարձնելու վտանգներէն, իսկ այսօր այդ մտահոգութիւնը տեղին է ու պատահած է: Այսօր Լիբանանի մէջ գտնուող սուրիացի եւ պաղեստինցի գաղթականները կը կազմեն անոր բնակչութեան կէսը: Պէտք է իմանալ, որ Լիբանանը բնակեցումի երկիր չէ, այլ` գաղթականներու ժամանակաւոր ապաստան: Այս փուլը ճակատագրական է եւ Լիբանան իբրեւ արաբական աշխարհին մաս կազմող բոլոր երկիրներուն բարեկամ երկիր երկխօսութեան ձեռք կ՛երկարէ բոլորին:

Ներկայ վտանգաւոր փուլը կ՛ենթադրէ կասեցնել եղբայրական պատերազմը եւ երկխօսութեան նախաձեռնել` ապահովելու համար բոլորին շահերը եւ խուսափելու համար մեր վրայ պարտադրուելիք լուծումէն», եզրափակեց նախագահ Աուն:

Նախորդը

Պըրրի. «Իշխանութեան Հինգ Նախկին Պետերուն Նամակը Իր Ձեւին Մէջ Մերժելի Է»

Յաջորդը

Թիլըրսըն. «Ամերիկա Շահագրգռուած Է Արցախի Տագնապի Շուտափոյթ Լուծումով»

RelatedPosts

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց

October 3, 2026
Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ  Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ
Լիբանանեան

Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ

October 3, 2026
«Երկրին Դիմագրաւած Բոլոր Սպառնալիքներուն Դէմ  Անհրաժեշտ Բոլոր Քայլերը Պիտի Որդեգրուին»  Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը
Լիբանանեան

Թուրքիոյ Հաղորդակցութիւններու Բաժանմունքի Նախագահութիւնը Կը Հերքէ Սուրիա-Հըզպալլա Ժողովի Լուրը

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.