Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արուեստի Ցուցահանդէս` Կազմակերպութեամբ Intermarc Eccs Մանկավարժական Կեդրոնի

March 30, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Intermarc ECCS մանկավարժական կեդրոնին, հովանաւորութեամբ մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրիի, մասնակցութեամբ «Նոազ Արք» արուեստի ցուցասրահին, երեքշաբթի, 28 մարտ 2017-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Intermarc ECCS մանկավարժական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ բացումը հայրենի գեղանկարիչներ` Էտիկ Բերդեանի, Սուրէն Ոսկանեանի, Վահան Ռումէլեանի եւ Դաւիթ Դաւթեանի գործերուն:

Արաբերէնով խօսք առաւ Շահէ Գալուստեան: Ան ողջունեց մշակոյթի նախարարութեան ներկայացուցիչ Իպրահիմ Սմահան, ինչպէս նաեւ ներկաները: Ան ապա ներկայացուց Intermarc ECCS մանկավարժական կեդրոնի տնօրէն Կարին Գալուստեանը, որ մասնագիտութեամբ մանկավարժ է եւ ստացած է դոկտորական աստիճան Միացեալ Նահանգներու Purdue համալսարանէն: Կարին Գալուստեան կատարած է զանազան ուսումնասիրական աշխատանքներ, որոնք հրատարակուած են մասնագիտական պարբերականներու մէջ: Ան կը հաւատայ, թէ երեխայի զարգացման եւ աճման համար պէտք է պատրաստել յարմար միջավայր մը, ուր ան կարենայ զարգացնել իր գիտելիքները: Այս է Intermarc կեդրոնին նպատակը: Դոկտ. Գալուստեան նաեւ մշակած է ծրագիրներ յաւելեալ կամ բարձր կարողութեան տէր երեխաներու համար: Ան օգտակար դարձած է նաեւ Լիբանանի մէջ գտնուող զանազան մանկավարժական կեդրոններու կազմակերպման, ինչպէս նաեւ վերջերս սկսած է գործակցիլ ՄԱԿ-ի մանկավարժական ծրագիրներուն հետ:

Ապա անգլերէնով  խօսք առաւ դոկտ. Կարին Գալուստեան: Ան ողջունելէ ետք ներկաները յայտնեց, որ օրուան ձեռնարկի ներշնչման աղբիւրները երեխաներն են` անոնց ստեղծագործական ներաշխարհը, անոնց անսահման կարողութիւնները, ձիրքերը եւ հզօր երեւակայութիւնը: Ան ըսաւ, թէ Intermarc-ի փիլիսոփայութիւնը հիմնուած է մէկ սկզբունքի վրայ` յարգել երեխան` իբրեւ ատակ եւ կարող անհատ: Ան շեշտեց, թէ մենք` իբրեւ չափահասներ, պէտք է գիտակցինք այն իրականութեան, թէ երեխաներ կը կատարեն դիտարկութիւն եւ դատողութիւն իրենք իրենց արուեստի գործերուն ընդմէջէն եւ ուրիշին արուեստի գործերը տեսնելով: Այս բոլորը ունին իրենց դերը ինքն իր անձին նկատմամբ երեխայի կարծիքի կազմաւորման մէջ: Երեխաները զգայուն են իրենց դասաւանդման միջավայրին հանդէպ: Անոնք արուեստի միջոցով կ՛արտայայտեն իրենց իսկական ներաշխարհը, յատկապէս իրենց ուսման եւ ընկերային փորձառութիւնները: Մենք` իբրեւ չափահասներ, պէտք է գիտակցինք այս նրբութիւններուն եւ արուեստի դերին` երեխային աճման եւ ընդհանրապէս կեանքին մէջ: Արուեստը մեզի կու տայ առիթը կապ հաստատելու, հասկնալու, յայտնաբերելու ըմբռնումներ եւ նոր գաղափարներ: Ան յայտնեց, որ փորձած է կեդրոնին տալ փոքր թանգարանի տեսք, որովհետեւ թանգարանը կը հայթայթէ տարածութիւն, արտայայտչականութիւն, փորձարկում, ստեղծագործութիւն, ըմբոշխնում, սորվելու եւ խաղի միջոց: Այս տարածութիւնը երեխան եւ չափահասը կը դնէ հաւասար դիրքի վրայ` սորվելու փորձառութեան իմաստով, ուր միասնաբար անոնք կը բաժնեկցին այս հասկացողութիւնը:

Վերջին բաժինով խօսք առաւ մշակոյթի նախարարութեան ներկայացուցիչ Իպրահիմ Սմահա: Ան շնորհաւորեց կազմակերպողները, որ առիթը կ՛ընձեռեն երեխաներուն մօտէն տեսնելու արուեստի գործերը, որոնք կը կազմեն ընկերութեան հայելին:

Նշենք, որ ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ երեքշաբթի, 11 ապրիլ 2017:

 

Նախորդը

Հայրենի Արուեստագէտ Ռուբէն Բաբայեանի Վարպետաց Դասը Համազգայինի «Արեգ» Թատերական Դպրոցին Մէջ

Յաջորդը

ՀՄԸՄ. Հաղորդագրութիւն

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.